ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամներն ու բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Երգչախումբի ներկայացուցիչները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին իրենց կողմէ ծաւալուած աշխատանքին ու մշակուած ծրագրերուն շուրջ մանրամասնութիւններ, որոնց լոյսին տակ ան յայտնեց իր գոհունակութիւնը եւ գնահատեց եկեղեցւոյ պայծառութեան համար մատուցուած ծառայութիւնները։

Զրոյցի տեւողութեան երգչախումբի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին մասնակցիլ «Կոմիտաս» թատերախաղին, որ կը բեմադրուի Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ։ Ծանօթ է, որ այս տաճարը կը գործէ նաեւ՝ որպէս «Մեսրոպ Պատրիարք» մշակոյթի կեդրոն։ Այդ ներկայացումը կ՚իրականացուի «Եոլճու» թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի համագործակցութեամբ։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնուեցան այս ծրագրին վերաբերեալ զանազան երեսակներ՝ դիտել տալով, որ հեղինակն է Ահմէտ Սամի Էօզպուտաք, բեմադրիչը՝ Էրսին Ումուտ Կիւլէր, իսկ միակ դերակատարը՝ Ֆեհմի Քարարսլան, որ 85 վայրկեան տեւողութեան առանձինն կը ներկայացնէ Կոմիտաս Վարդապետի կեանքէն զանազան դրուագներ։ Լուսաւորիչ երգչախումբը ներկայացման մասնակցութիւն կը բերէ բեմահարթակի վարագոյրի ետեւէն՝ մերթ ընդ մերթ մեծ վարդապետի հոգեւոր կամ աշխարհիկ յօրինումներու կատարումներով, ինչ որ իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ հանդիսատեսներուն։

Այս բոլորի լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ սիրով պիտի ընդառաջէ իրեն ներկայացուած հրաւէրին եւ յաջողութիւն մաղթեց այս ծրագրին համար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022