ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆ

Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներուն մասնակցութեամբ կատարուած մեծահանդէս տօնակատարութեան ընթացքին պատարագեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընթերցեց Ս. Ղեւոնդ Երէցի ճառը, ապա տուաւ օրուան քարոզը։ Նորին սրբազնութիւնը խօսեցաւ Ս. Ղեւոնդ Երէցի ու անոր հաւատին մասին՝ խորհրդածութիւններ ընելով անոր ճառի բովանդակութեան լոյսին տակ։ Ան շեշտեց, որ Ս. Ղեւոնդ Երէցի եւ անոր լծակից համախոհներու հաւատին շնորհիւ հայ ժողովուրդը գոյատեւած է մինչեւ այսօր։

Ս. Պատարագի աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին աղօթքով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռի վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ ի պատիւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Այս փուլին արտայայտուեցան Տ. Գրգիոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Ճաշասեղանի շուրջ, հոգեւոր եղբայրներով շրջապատուած անմիջական մթնոլորտի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ տուաւ իր պատգամը։ Ան շեշտեց Ս. Ղեւոնդ Երէցի եւ ընկերներուն կողմէ հաւատքի պահպանութեան համար բերուած մեծ ներդրման նշանակութիւնը։ Արդարեւ, Ս. Ղեւոնդ Երէց գործեց լոկ քահանայի աստիճանով եւ ռահվիրայ մը եղաւ քրիստոնէական հաւատի ջատագովութեան տեսակէտէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ Ս. Ղեւոնդ Երէցի եւ Ղեւոնդեանց շարժման հաւատն ու գործունէութիւնը մեր օրերուն ալ պէտք է ընկալուին որպէս տիպար։ Տօնական օրով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ Պոլսոյ Աթոռէն ներս յայտնուին նոր սպասաւորներ՝ եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումով եւ իր հոգեւոր եղբայրները հրաւիրեց այս ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու։

Սիրոյ սեղանի աւարտին հոգեւոր հայրերը միասնաբար աղօթք արտասանեցին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022