ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՀԵՌԱՎԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Մայրենիի միջազգային օրուան առթիւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր հայերէնի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուրնաճըի եւ Լիանա Պենլիի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, տղաքը առցանց զրոյց մը ունեցան գերմանաբնակ ակադեմական Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայերէնով գրական պլոկ մըն ալ կը ղեկավարէ միեւնոյն ժամանակ։ Հեռավար ձեռնարկի ընթացքին ատենախօսը ընթերցեց Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ հայ լեզուին» գրութիւնը եւ այդ հիման վրայ ըրաւ խորհրդածութիւններ։ Տեսաժողովի ձեւաչափին մէջ աշակերտներն ալ հնարաւորութիւն ունեցան իրեն զանազան հարցումներ ուղղելու։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 23, 2022