ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտ Արարատ Մօրի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։ Արարատ Մօր, որ երկար տարիներ պոլսահայ գեղարուեստական ու միութենական կեանքէն ներս ունեցած էր կարեւոր դերակատարութիւն եւ երախտաշատ ներդրում, վերջին օրերուն անժամանակ աչքերը փակած էր կեանքին, ինչ որ խոր սուգի մատնեց թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ բարեկամական շրջանակը։ Ուստի, իր հրաժեշտը տեղի ունեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած դագաղին շուրջ համախմբուած էին հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք բիւր յարգանքով եւ անմխիթար վիճակով իրենց վերջին յարգանքն ու խոնարհումը բերին անմոռանալի Արարատ Մօրի յիշատակին առջեւ։ Բոլոր յուղարկաւորները ծանր մթնոլորտի մէջ իրարու հետ կը բաժնէին Արարատ Մօրի վերաբերեալ քաղցր յիշողութիւնները եւ բոլորը համամիտ էին, որ ան իր ծանօթներու սրտին ու յիշողութեան մէջ կ՚ապրի յաւերժ։
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն վերջ նորոգ հանգուցեալ Արարատ Մօրի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս երկնային հանգիստ կը հայցենք սիրելի Արարատ Մօրի ազնիւ ու բարի հոգւոյն, նաեւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք՝ իր այրիին, զաւակներուն, մօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ բոլոր հարազատներուն, նաեւ բարեկամական շրջանակին։