ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Թուր­քիոյ Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ։ Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ ան հա­մախմ­բեց խումբ մը ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց հետ զրու­ցեց ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մէջ։ Ներ­կայ էին նաեւ Հայր Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան, Հայր Մի­քա­յէլ Վրդ. Ու­չար, Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան։

Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ կանգ ա­ռաւ մեր լե­զուի, մշա­կոյ­թի եւ պատ­մու­թեան նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ան շեշ­տեց նաեւ հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ ցու­ցա­բե­րուե­լիք պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը պա­տաս­խա­նեց նաեւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։ Կը ծրագ­րուի այս ձե­ւա­չա­փով զրոյց­նե­րը դարձ­նել պար­բե­րա­կան, որպէսզի Գերապայծառը շարունակէ աշ-խատանքը երիտասարդներուն հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015