ՎԱԳԸՖԼԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն քա­ղա­քիս մէջ ծրագ­րի մը պի­տի մաս­նակ­ցին Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ 8-12 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ «Ֆես­հա­նէ»ի հա­մա­լի­րէն ներս նա­խա­տե­սուած են Հա­թա­յի վե­րա­բե­րեալ ձեռ­նարկ­ներ։ Վա­գըֆ­լը­գիւղ­ցի­ներն ալ այս ձեռ­նարկ­նե­րուն պի­տի բե­րեն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ «Ֆես­հա­նէ»ի մէջ Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղի հա­մար յատ-­կա­ցուած պի­տի ըլ­լայ մաս­նա­ւոր տա­ղա­ւար մը։ Այ­ցե­լու­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու Վա­գըֆ­լը­գիւ­ղի ար­տադ­րան­քին եւ կեն­ցա­ղին։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015