ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին կազմակերպուած այս երրորդ մրցաշարքը տեւեց 16 շաբաթ։ Երէկուան աւարտական խաղերէն վերջ յայտնի դարձան դափնեկիրները։ Առաջին հանդիսացաւ «Քամփ Արմէն», որուն յաջորդեցին «Պոլսահայս» եւ «Նէօշաթէլ»։ Ճենթըլմէն խումբը եղաւ «Քոնթա», իսկ լաւագոյն ռմբարկուն ճանչուեցաւ Ռոպին Միրզախանեան։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին բոլորը ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց պարգեւները։ Մրցաշարքի կազմակերպչական աշխատանքները համակարգեց Մինաս Ասա։
Մինչ այդ, այս մրցաշարքի աւարտականի օրուան պատուոյ հիւրը եղաւ ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ։ Այս վերջինը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի եւ ընկերներուն կողմէ։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին Կիւնտայ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայկական ակումբներուն կողմէ մեր երկրի մարզական աւանդութիւններու կեանքին բերուած նպաստին շուրջ։