ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Հա­յե­րէ­նի փոր­ձա­ռու ու նուի­րեալ ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­քեն­տէ­րօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս։ Ընդ­հան­րա­պէս շատ ու­շիմ եւ հա­ղոր­դա­կան բնա­ւո­րու­թեամբ սա­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խումբ մըն էր այս մէ­կը։ Տղոց այ­ցե­լու­թիւ­նով տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ մեր աշ­խա­տան­քա­յին եր­դի­քին տակ։

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին թէ՛ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­­խար­հի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

 

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017