Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Սուրբ Զատկի տօնական օրերուն ընդառաջ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ այսօր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ տիկնանց կազմի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս քէրմէսը, որու բացումին աղօթք մը արտասանեց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։

Քէրմէսի օրուան տեւողութեան եռուն երթեւեկ մը ապրուեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Թէ՛ թաղեցիներ եւ թէ զանազան թաղերէ փութացած համակիրներ այցելեցին «Շիրինօղլու» սրահը։ Տաղաւարներու շուրջ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին ճաշակաւոր իրեղէններ, ձեռագործներ եւ ուտեստեղէններ՝ բոլորն ալ տօնական շրջանին բնորոշ։

Քէրմէսը կազմակերպուած էր հետեւեալ տիկիններուն կողմէ. Ժանէթ Արծիւեան (ծնողաց միութեան ատենապետուհի), Թանիա Պալճը (քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի), Դալար Տոլար, Լետա Խրիմեան, Իլտա Աշճը, Լեռնա Էօրտէքօղլու, Շիլա Մինաս, Սիլվա Քըրալըմ, Լորա Օքթայ, Նաթալի Օքթայ, Զիւպէյտէ Կէօքչէ, Այփերի Փէքսէզէր, Լուսին Չընար, Հայրիյէ Փէք, Շիրվան Քէշիշօղլու, Աննա Սարըօղլու, Էլիզ Աշճը, Գարօլին Քեպապճը, Այլին Միքայէլ, Այլին Սանթալու, Լուսին Քըյըճը, Սուլթան Ուլուաք, Մաթիլտա Սուլուօղլու, Նաժտա Ֆոսքոլօ, Էլիզապէթ Իփէքլի, Շաքէ Սիմքէշեան, Լիզա Թուր, Ժիւլիէթ Տէօնէր, Իսկուհի Չոլաք, Նուարդ Խաչերեսօղլու, Ալիս Մատղաշեան, Սիւզան Չելիքթոփ եւ Այտա Տիտոնեան։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018