3X3 ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին։ Այս մրցաշարքին բացումը կատարուեցաւ ակումբի խորհրդանշական դէմքերէն Կարապետ Գալէնտէրի (սարը Կարօ) կողմէ։ Կարապետ Գալէնտէր երկար տարիներէ ի վեր վաստակ ներդրած է Շիշլի մարզակումբին համար։ Ան երիտասարդութեան շրջանին մաս կազմած է պասքեթպոլի խումբին, աւելի վերջ ալ եղած է մարզիչ։ 3x3 մրցաշարքը այս տարի կազմակերպուած է իրեն ի պատիւ։

Չորս խումբեր կը մասնակցին այս մրցաշարքին, որու բացումը արդէն կատարուած է եւ աւարտականներէն վերջ նախատեսուած պարգեւատրումով պիտի հասնի իր վերջաւորութեան։ Մրցաշարքին կը մասնակցին՝ Սահակեան սանուց միութեան, Մխիթարեան սանուց միութեան, Եշիլգիւղի սանուց միութեան եւ Շիշլի մարզակումբի խումբերը։

Ուրբաթ, Մարտ 23, 2018