ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, Տարեցներու շաբթուան առթիւ, երէկ, կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց հաստատութեան մնայուն բնակիչներուն համար։ Այս առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները յատուկ փոխադրամիջոցներով առաջնորդուեցան Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանը, ուր համախմբուեցան սեղաններուն շուրջ։ Այս ճաշկերոյթը գլխաւորեց Հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, որու կողքին էին հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Արսլան եւ բժշկական կազմէն Ժիլպէռ Պէրպէրօղլու։

Մնայուն բնակիչները ճաշասեղաններու շուրջ ունեցան հաճելի ժամանց, գարնանամուտի ներկայ նպաստաւոր եղանակին զրուցեցին իրարու հետ եւ նոյն փոխադրամիջոցներով վերադարձան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2019