ՆԵՐՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

1. Քորոնաժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ իրագործելի համակարգեալ աշխատանքները յարմար դատուած է որ Հայ հիմնարկներու միութեան երդիքին տակ կատարուին։ Որովհետեւ համայնքի աղքատ եւ տարեցներուն հասնելու նպատակաւ այժմու վարչական դրութեան օգտագործումը կը նկատուի ազդու միջոց։ Իւրաքանչիւր թաղի գործօն կազմակերպութիւնը կ՚իրագործուի եկեղեցիներու վարչութիւններու, աղքատախնամ մարմիններու, վարժարաններու ծնողաց միութիւններու, սանուց միութիւններու համատեղ գործակցութեամբ։

2. Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ քարտուղարութիւնը կը գործէ որպէս հաղորդակցութեան կեդրոն։ Պէտք եղած հեռաձայնի եւ համացանցի կապերը պիտի ապահովուին ու յայտարարուին։

3. Թաղերու մէջ կամաւորներու միջոցաւ օժանդակութեան զօրակոչ մը պիտի սկսի, առաջնորդութեամբ՝ եկեղեցւոյ վարչութիւններուն։

4. Օժանդակութեան եւ ծառայութեան մարզերն են հետեւեալները.

Ա. Արձանագրեալ աղքատներուն հասնիլ եւ ի պահանջել հարկին յաւելեալ պարէնի յատկացնելով եւ նիւթապէս օժանդակելով։

Բ. Հասնիլ՝ իրապէս օժանդակութեան կարիքը ունեցողներուն, որոնք արձանագրեալ չեն։

Գ. Ճշդել անոք տարեցները եւ դիմագրաւել իրենց կարիքները։

Դ. Առողջապահական հարցերու պարագային ուղեցոյց ըլլալ անոնց, որոնք տեղեկութիւն քաղել եւ կամ օժանդակութիւն կը խնդրեն։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հետ ազդու հաղորդակցական կապ հաստատել։

Ե. Իրենց թաղերուն մէջ պատահած ժահրի վարակումներու մասին կեդրոնին տեղեկութիւն հաղորդել։

Զ. Առանձին ապրողներու խօսակից ըլլալու պատրաստ կամաւորներու հետ հեռաձայնային խօսակցութեան գիծեր հաստատել։

Է. Հոգեւորականներու եւ կամաւոր հոգեբաններու հետ խորհրդակցական գիծեր հաստատել։

5. Հայ հիմնարկներու միութեան դիւանը որպէս կեդրոն պիտի համակարգէ իւրաքանչիւր թաղէ ներս տարուած աշխատանքները եւ պիտի հետապնդէ կատարելի գործերը։

Այսօր մեր ապրած դժուարութիւնները ընկալենք որպէս մեր սրտերէն ներս մարդասիրութեան զգացումը զօրացնող առիթներ եւ այն ինչ որ կրնանք ընել որպէս բարեգործութիւն եւ ներդրում, չզլանանք մեր նմաններէն։ Յոյսը զօրացնենք։ Աստուծոյ օգնութեամբ ի մօտոյ գեղեցիկ օրերն ու գարունը կը սպասեն մեզի։

                                              Աղօթարար՝
                                                  ՍԱՀԱԿ Բ.
                                                   ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ

*

CEMAAT İÇİ DAYANIŞMA ÇALIŞMALARI

1. Corona virüs salgını dolayısıyla cemaat içi dayanışmayı sağlamak adına koordineli bir çalışmanın Ermeni Vakıflar Birliği çatısı altında yapılması uygun görülmüştür. Çünkü cemaatimizin fakir ve yaşlılarına ulaşabilmenin en etkin yolu, halihazırdaki yönetim mekanizmalarını kullanmaktan geçmektedir. Kilise yönetimleri, Fakirler kolları, Okul Aile birlikleri, Okul Dernekleri her semtin aktif örgütlenmesini oluşturmaktadır.

2. Her kilisenin sekretaryası ihtiyacı olanlar için bir bağlantı noktası oluşturacaktır. Gerekli telefon ve internet bağlantıları sağlanacak ve ilan edilecektir.

3. Semtler, Kilise yönetimlerinin önderliğinde gönüllülerle yardım seferberliği başlatacaktır.

4. Yardım ve hizmet alanları şunlardır:

a. Kayıtlı fakirlere ulaşabilmek ve gerekiyorsa onlara ek erzak ve para yardımında bulunmak.

b. Kayıtlı olmasa da gerçekten ihtiyaç sahiplerine ulaşabilmek.

c. Kimsesiz yaşlıların tespiti ve onların ihtiyaçlarının karşılanması.

d. Sağlık konusunda bilgilenmek ya da yardım isteyenleri yönlendirmek. Surp Pırgiç Hastanemizle etkin iletişim kurmak.

e. Kendi semtindeki virüs vakalarını merkeze bildirmek.

f. Yalnız kişilerle konuşmaya hazır gönüllülerle telefon sohbet hatları oluşturmak.

g. Din adamlarımız ve gönüllü psikologlarla danışma hattı oluşturmak.

5. Her semtin çalışmaları Ermeni Vakıflar Birliği sekretaryası tarafından merkezi olarak koordine edilecek ve iş takibi sağlanacaktır.

Bugün yaşadığımız zorlukları kalbimizdeki insan sevgisini artıracak fırsatlar olarak görelim ve yapabileceğimiz iyilik ve katkıyı hemcinslerimizden esirgemeyelim. Umudu artıralım. Tanrının yardımıyla yakında güzel günler ve bahar bizleri bekliyor.

                                                  Dualarımla
                                                      PATRIK II. SAHAK

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2020