ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Փարիզ։ Երէկ, ուղեւորութեան ընդառաջ, երգչախումբի անդամները իրենց վերջին փորձը կատարեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Փորձի աւարտին երգչախումբի անդամներուն իր օրհնութիւնը տուաւ եւ բարեմաղթանքները յղեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ՝ Լուսաւորիչ երգչախումբէն 20 անդամներ այս շաբաթավերջին Փարիզի մէջ կը մասնակցին թէ՛ «Կոմիտաս» մենախաղին եւ թէ Արնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վաղը կը կատարեն Ծաղկազարդի տօնի Ս. Պատարագին երգեցողութիւնները։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2024