ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՋՈՒՐԻ ՕՐԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները երէկ հանդէսով մը նշեցին Համաշխարհային ջուրի օրը։ Մարտի 22-ին՝ Համաշխարհային ջուրի օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդէսը տեղի ունեցաւ թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը, որու ընթացքին թէ՛ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով եւ թէ գնահատուեցան այն պատգամներով, որոնք կարողացան տալ ներկայ ժամանակներու բնապահպանական մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ։ 

Շաբաթ, Մարտ 23, 2024