ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Գալ­ֆաեան Տան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէս մը, ո­րով տօ­նախմ­բուե­ցաւ Ապ­րի­լի 23-ը։ Ե­րէկ, Ման­կանց տօ­նին առ­թիւ դպրո­ցէն ներս կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Հիւ­լիա Թիւրք­ման, Պե­հի­ճէ Էր­տո­ղան Պայ­քան, Շիւք­րիէ Էօզ­կէն, Էր­լին Թո­մաօղ­լու եւ Քրիս­տի­նա Պետ­րո­սեան ստանձ­նած էին հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­չա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան սրա­հին մէջ կեան­քի կո­չուե­ցաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը՝ Ա­րաք­սի Քիւ­չիւ­քեա­նի եւ Գա­րօ­լին Սա­մեէ­լիի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Օ­րուան հան­դի­սա­վարն էր Կապ­րիել­լա Պա­քըր­ճըօղ­լու։ Տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց բազ­մաբ­նոյթ ե­լոյթ­նե­րով։ Հան­դէ­սը ա­ւար­տին հա­սաւ տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէ­րի խօս­քով։

Խրախ­ճան­քի ա­ւար­տին տղա­քը կէ­սօ­րին միաս­նա­բար ճա­շե­ցին բա­ցօ­թեայ։ Այս առ­թիւ պար­տէզն ալ յար­դա­րուած էր ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Թա­մար Ներ­կի­զի, Սե­լին Գալ­ֆա Եա­մա­չի եւ Էպ­րու Եըլ­մա­զի կող­մէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016