ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ ըն­դու­նեց «Օս­ման­լը օ­ճաք­լա­րը» միու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց թե­ւի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց ղե­կա­վա­րին՝ Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Է­րէ­նի։ Պատ­րիար­քա­րա­նի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը յայտ­նե­ցին, թէ այս միու­թիւ­նը կազ­մուած է 2005 թուա­կա­նին եւ ա­ւե­լի քան տասն տա­րիէ ի վեր իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նէ Օս­մա­նեան շրջա­նի մշա­կոյ­թը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ զա­նոնք ծա­նօ­թաց­նե­լու նպա­տա­կին վրայ։ Ուս­տի, միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Պատ­րիար­քա­րան՝ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, ընդ­հան­րա­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մա­սին։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան եր­դի­քին տակ ա­նոնց հա­մա­ռօտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այն բո­լոր նիւ­թե­րուն շուրջ, ո­րոնք մաս կը կազ­մէին ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին։

Որ­պէս այ­ցե­լու­թեան օ­րուան յի­շա­տակ՝ Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Է­րէն յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016