ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս առաւօտ Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու։ Յունաց Պատրիարքը Ս. Զատկի կապակցութեամբ ջերմ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց մեր համայնքին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի անձին մէջ։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կ՚ընկերանար միաբան հայր սուրբ մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Հարկ է նշել, որ Ուղղափառ աշխարհն ալ այս շաբաթավերջին պիտի նշէ Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Պատրիարքական Աթոռի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները Ֆենէր պիտի փութան՝ շնորհաւորելու համար նորին սրբութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք դարձեալ այցելած էր Գումգաբու՝ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն անմիջապէս վերջ փոխանցելու համար իր վշտակցութիւնները։
Բաց աստի, մեր համայնքի Ս. Զատիկը շնորհաւորելու համար այս առաւօտ Պատրիարքարան այցելեց նաեւ Պէշիկթաշի նորընտիր քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի տեղակալը՝ Ալի Ռըզա Եըլմազ, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նուրհան Փալաքօղլու։