ԹԱՔՍԻՄԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԵՐԸ ԲԱԺԱԿ ՄԸ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պատանեկան կազմերը վերջերս այցելեցին Հիւսիսային Կիպրոս, ուր նուաճեցին բաժակ մը։ Ակումբի մինչեւ 12 եւ մինչեւ 14 տարեկաններու կազմերը խաղացին Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ընտրանիին հետ։ Մինչեւ 12 տարեկաններու պարագային Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հաւաքականը առաջին անգամ մրցում մը խաղաց արտասահմանէն մեկնած խումբի մը հետ։ Արդիւնքին թաքսիմցիները առաւելութեան հասան 3-0 արդիւնքով։ Խումբին գլուխը կը գտնուէին ակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան, վարչայիններէն Մկըր Կիւլէզեան եւ Հրաչ Քեչիեոլու, ինչպէս նաեւ մարզիչ Նեճտէթ Եըլմազ։ Այցելութեան ընթացքին տղաքը ծանօթացան նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի պատմամշակութային վայրերուն եւ բնական գեղեցկութեան։ Թաքսիմցիները բաժակ մը եւ մետայլներ ստացան ձեռամբ Հիւսիսային Կիպրոսի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահին։ Խումբը բարձր տրամադրութեամբ վերադարձաւ կղզիէն։
Միւս կողմէ, Թաքսիմի վարչութիւնը պտոյտ մը կազմակերպեց դէպի Պարտիզակ։ Շուրջ 180 հոգի մասնակցեցաւ այս պտոյտին։ Ակումբի վարչութիւնը կը ծրագրէ տեւականացնել նման ընկերամշակութային ձեռնարկներ։