ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՕՐԸ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները համախմբեց այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Անշուշտ, յոբելեար շրջանաւարտներուն զգացումները աւելի տարբեր էին եւ անոնք ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ։
Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Նայիրի Խաչիկօղլուի։ Յոբելեար շրջանաւարտները հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստացան իրենց յուշանուէրները։ 25-ամեակի ընթացաւարտներուն անունով արտայայտուեցան՝ Անիլտա Մենեքշէ եւ Արտա Տօնիկօղլու, իսկ 40-ամեայ յոբելեարներուն անունով խօսեցաւ ուսուցչուհի Ժպտուն Զուռնաճը։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինը գործադրուեցաւ դպրոցի սաներուն կողմէ։ Պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ներկայացուցին պարեր։ Աշակերտուհիներէն Լեռնա Հաճընլըկիլն ալ մեներգով մը հանդէս եկաւ՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի նուագակցութեամբ։
Երեք սերունդէ ի վեր Տատեան վարժարանէն շրջանաւարտ՝ Փրլանթի Էօզպաղ, Վարուժան Էօզպաղ եւ Սեսիլ Էօզպաղ բոլոր տատեանցիներուն համար բաժակ բարձրացուցին, մինչ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի գլխաւորութեամբ հատուեցաւ յոբելեար ընթացաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։ Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ։