ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2021-2022 կրթական շրջանի շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յարութիւն Վրդ.  Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ տղաքը նախ համախմբուեցան Պատրիարքարանի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նկարահանում։ Աւելի վերջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ յարգանքի այցելութիւն մը տրուեցաւ Կեդրոնականի երախտաշատ հիմնադիր՝ հոգելոյս պատրիարք Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրմին, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ յարակից Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ։ Տղաքը հանդէս եկան երաժշտական ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Շրջանաւարտներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ դպրոցի կրթական մշակներուն կողմէ տարուած աշխատանքին մասին, իսկ ընթացաւարտներուն մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ յանձնեց շրջանի առաջին հանդիսացած ընթացաւարտի վկայականն ու պարգեւները։ Դափնեկիր ուրիշ շրջանաւարտներ ալ ստացան պարգեւներ։

Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ շրջանաւարտներու ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2022