ՈՉ ԵՒՍ Է ԷՄՄԱ ՔԻՒԼԵԿԷՉ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն Էմմա Քիւլեկէչ կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։ Սա անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է անողոք հիւանդութեան հետեւանքով։ Էմմա Քիւլեկէչ մեր համայնքային կեանքէն ներս շատ լայն շրջանակներու համակրանքին առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր։ Այդ հանգամանքը կու գայ բազմապատկել իր կորուստին ստեղծած ցաւը։ Ան կողակիցն էր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլեկէչի եւ մայրը՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի պարուսոյցներէն Սարեմ Շեշեթեանի։

Էմմա Քիւլեկէչ աւարտած էր՝ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանը, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանը եւ «Քիւլթիւր» քոլէճը։ Բաւական երիտասարդ կազմած էր իր բոյնը եւ եղած՝ տիպար մայր մը։ Իր ընտանեկան յարկի «պահապան հրեշտակ»ն էր իր բարի նկարագրով։ Իր բարի կամեցողութիւնը սահմանափակ չէր միայն իր ընտանիքով։ Մեր համայնքէն ներս բարենպատակ ինչ-ինչ գործունէութիւններու, շարժումներու խրախուսողը եղած էր։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս միշտ զուարթ ներկայութիւն կը բերէր բազմաբնոյթ հաւաքոյթներու կամ ձեռնարկներու։ Կը բանէր ձեռագործներ նոյնպէս բարենպատակ մղումներով եւ իր վաստակէն բաժին դուրս կը բերէր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար։

Վերջին շրջանին ան ափսոս, որ կը տառապէր անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ։ Բժշկական խնամքն ու ընտանիքին գուրգուրանքը անպակաս էին իրմէ։ Բայց դժբախտաբար այդ բոլորը մնացին ապարդիւն եւ ան իր աչքերը փակեց կեանքին իսկապէս անժամանակ։ Իրմէ զրկուեցան իր հարազատներն ու սիրելիները։

Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը կը բերենք Էմմա Քիւլեկէչի անթառամ յիշատակին առջեւ։ Խորապէս կը ցաւակցինք մեր սիրելի բարեկամ ու բարերար Սարգիս Քիւլեկէչին, Սարեմ-Սեւան Շեշեթեան ամոլին ու զաւկին, նաեւ բոլոր պարագաներուն եւ սիրելիներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 23, 2018