«ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ԿՂԶԻՆ»

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Գնալը կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ ընկերային պատասխանատուութեան հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբը հանդէս եկաւ «Մաքուր պահենք մեր կղզին» կարգախօսով եւ կղզիի տարածքէն ներս կազմակերպեց աղբահաւաք։ Բացի յանձնախումբի անդամներէն, կղզեբնակ երիտասարդներ ալ մասնակցեցան այս ձեռնարկին։ Շարժումը բարձր գնահատանքի արժանացաւ կղզիի բոլոր բնակիչներուն կողմէ։ Գնալը կղզիի թաղապետ Էրտալ Այտընի կողմէ ալ խրախուսուած էր այս աշխատանքը։

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը շնորհակալութեան վկայականներ պատրաստած էր այս ծրագրին մասնակից բոլոր կամաւորներուն համար։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020