Տ. ՆԱԹԱՆ ՔՀՆՅ. ԱՐԱՊԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեանի։ Մեր եկեղեցիներու պաշտամունքի վերաբացման զուգահեռ հաւատացեալներն ալ մասնակցեցան արարողութեան՝ յարգելով քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի նախազգուշական միջոցները։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սարկաւագ Գույումճեան եւ ուրարակիր Յակոբ Սարաֆ։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչա։ Հաւատացեալները արարողութեան ընթացքին ունկնդրեցին պատարագիչ տէր հօր խրատականին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց տէր հայրը, դպիրները եւ հաւատացեալները։ Ուխտաւոր դպիրներէն Եփրեմ Միհրանեան պատրաստած էր կարկանդակ մը՝ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեանի համար։ Ծափահարութիւններու եւ բարեմաղթանքներու մթնոլորտի մէջ տէր հայրը հատեց այդ կարկանդակը։ Բոլորը իրեն յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին եւ աղօթեցին անոր հոգեւոր սպասաւորութեան արդիւնաւորման համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2020