ՉԵՔԷՄԻ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ թրքերէնով հրատարակուած ծաւալուն յօդուածին կապակցութեամբ կապ հաստատեց խմբագրութեանս հետ։ Խնդրոյ առարկայ յօդուածին մէջ նշուած էր, որ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրական նոր կանոնադրութեան դէմ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացած է։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ նպատակայարմար կը համարէ յստակացնել հանգամանք մը։ Արդարեւ, ճիշդ է, որ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ բացած է դատ մը, բայց այդ դատական դիմումը ունի անհատական բնոյթ եւ խնդրոյ առարկայ դատը չէ բացուած յանուն Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։

Զրոյցի տեւողութեան Սիմոն Չեքէմ դիտել տուաւ, որ իրենք երբեք ընտրութենէ չեն խուսափիր ու միշտ պատրաստակամ են ընտրութեան ձեռնարկելու՝ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ սահմանուած կամ սահմանուելիք կարգով։ Իր խօսքով՝ համայնքային շրջանակները ընտրութիւններու հարցի պարագային պէտք է գործեն նրբանկատ եւ ուշադիր։ Արդարեւ, նոր կանոնադրութեան պարագային օրակարգի վրայ եկած սպասումները, ցանկութիւնները կրնան ունենալ որոշ տրամաբանութիւն մը, սակայն, խնդիրը պէտք չէ հասցնել այնպիսի կէտի մը, ուր մեր համայնքային վաքըֆներու պարագային կարգավիճակի փոփոխութեան պարագաներ կրնան յառաջանալ։ «Եթէ մեր վաքըֆներու կարգավիճակը փոփոխութեան ենթարկուի, ապա, անոնք ինքնաբերաբար կրնան վերածուիլ mazbut վաքըֆի վիճակին», նշեց Սիմոն Չեքէմ։

Բաց աստի, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Սիմոն Չեքէմ ընդգծեց, որ մեր վաքըֆներու պարագային ակնկալուած կարգադրութիւնները, նախատեսուած տնօրինութիւնները բարդ հաւասարակշռութիւններու վրայ կը խարսխուին։ Արդարեւ, այդ բոլորը չեն վերաբերիր միայն երկրի ներքին օրէնսդրութեան, որովհետեւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու պարագային կարգադրութիւնները ունին ծալքեր, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ միջազգային յանձնառութիւններուն՝ մասնաւորապէս Լոզանի դաշնագրին բերումով։ Ան աւելցուց, որ իր կողմէ կատարուած դատական դիմումին մէջ փորձած է հաշուի առնել այս բոլոր հաւասարակշռութիւնները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022