ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ 85-ՐԴ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ ԺԱՄԵՐՈՒՆ ՀԱՍԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը այսօր յետմիջօրէի ժամերուն հասած է Գումգաբու։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տակաւին պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են այս մասին։ Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր երեկոյեան ժամերուն կ՚իրականացնէ իր հերթական ժողովը, որու աւարտին ամենայն հաւանականութեամբ համապատասխան յայտարարութիւնը կատարուի Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ։ Թէեւ հաւաստի աղբիւրներու կողմէ տեղեկացուած է պետութենէն սպասուած կանոնադրութեան Պատրիարքարան հասած ըլլալը, սակայն այս պահու դրութեամբ յստակ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր կանոնադրութեան բովանդակութեան շուրջ։

Այս լսումներուն հիման վրայ յետմիջօրէին անմիջապէս հեռաձայնով  կապ հաստատեցինք Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը հաստատեց, որ ընտրութեան կանոնադրութիւնը արդէն հասած էր Պատրիարքարան։ Ան յարմար չդատեց կանոնադրութեան բովանդակութեան, մանրամասնութիւններուն շուրջ անմիջապէս տեղեկութիւններ փոխանցել։ Հաշուի առնելով, որ Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր Գումգաբուի մէջ կը գումարէ իր հերթական ժողովը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնեց, որ ճիշդ պիտի չըլլայ իրադարձութիւններէն առաջ իյնալ եւ կանոնադրութեան բովանդակութեան շուրջ յայտարարութիւն մը ընել կանխելով Նախաձեռնարկ մարմնին ժողովը։ Ուստի, Պատրիարքարանը Նախաձեռնարկ մարմնի այսօր երեկոյեան կայանլիք ժողովէն վերջ կը պատրաստուի կանոնադրութեան բովանդակութեան շուրջ յայտարարութիւն մը ընել։ 

Կը տեղեկանանք, որ այս իրադարձութեան զուգահեռ վաղը առաւօտ Գումգաբուի մէջ պիտի գումարուի նաեւ Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019