ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տարիներ առաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուելու ժամանակ գրի առած էր պատմավէպ մը, որ կը կոչուէր «Երկու ուխտաւոր»։ Վերջերս Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը վերահրատարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հեղինակուած այս գիրքը։ Իսկ երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Նորին Ամենապատուութեան այս գիրքին շնորհանդէսը։ Ընկալեալ ձեւաչափերէ դուրս գինեձօն մըն էր այս մէկը, յամենայնդէպս նպատակայարմար չենք գտներ մանրամասնութիւններուն մէջ խորանալը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս ձեռնարկին կապակցութեամբ Պատրիարքարանին կողմէ հրատարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական բաժանմունքը վերջերս ի լոյս ընծայեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պատմական վէպը՝ «Երկու ուխտաւոր»ը։

Նոյն առթիւ, երէկ, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուեցաւ գինեձօն մը։ Թագաժահրի համավարակի պատճառաւ սեղմ շրջանակի մէջ կայացած հանդիսութիւնը սկսաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի բարիգալստեան խօսքով։ Ան յայտնեց հաւաքին նպատակը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը։

Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրատարակչական բաժնի վարիչ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ «Երկու ուխտաւոր վէպը եւ անոր Պոլսոյ ոդիսականը» նիւթով։ Բացատրեց հատորի արեւմտահայերէն բնագիրի քաղաքիս մէջ հրատարակութեան պարագան եւ մաղթեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը իր բազմազբաղ վիճակին մէջ առիթ կը գտնէ կիսատ վէպը իր աւարտին հասցնելու։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ համայնքիս երեք արուեստագէտներու՝ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Սէրճան Կազէրօղլուի երգերով։ Արթիւր Պաղտասարեան երգեց Ռոմանոս Մելիքեանէ «Վարդը», Վ. Կոտոյեանէ «Ինչպէս երազ», Սէրճան Կազէրօղլու՝ Խաչատուր Աւետիսեանէ «Ասում են թէ մոռացել ես», Առնօ Բաբաջանեանէ «Սիրոյ երգ» երկերը, հուսկ զուգերգ մը կատարեցին Ալեքսէյ Հեքիմեանէ «Բարի արագիլ»ը։ Բոլոր երգերուն դաշնակով ընկերացաւ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։

Հանդիսութեան աւարտին շնորհակալութեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց հայ գիրին ու գիրքին ի պատիւ եղած սոյն հանդիսութեան համար։ Ան պատմեց, թէ ինչպէս ծնունդ առաւ «Երկու ուխտաւոր» պատմավէպը 2007 թուականին եւ ըսաւ, որ ամէն հատոր հեղինակին համար նոր զաւակ մըն է։ Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց հատորին գտած յաջողութեան եւ ժողովրդականութեան համար ու յոյս յայտնեց, որ վէպի արեւմտահայերէնը եւս նոյն հետաքրքրութիւնը կը գտնէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին, որոնց մղումով ձեռնարկուեցաւ սոյն հրատարակութեան։ Իր խօսքի աւարտին ցաւով անդրադառնալով հայ գիրի եւ գիրքի հանդէպ առկայ անտարբերութեան՝ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ առանց գիրի եւ լեզուի չկայ հաւատք»։

Հանդիսութեան աւարտին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հրաւիրեց մեր Հոգեւոր Պետը գինիով լուալ նորատիպ հատորի առաջին օրինակը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը մակագրեց առաջին օրինակը եւ ներկաներուն նուիրեց մէկական օրինակ։

Հանդիսութիւնը դիտելու համար կարելի է այցելել Պատրիարքական Աթոռի facebook-ի էջը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020