ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

Պոլսահայ կրթական համակարգին եւ ընդհանրապէս մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ ներկայիս կարեւոր ձեռքբերում մը խնդրոյ առարկայ է Գատըգիւղի մէջ, ուր կառուցուած է Արամեան-Ունճեան վարժարանի յարակից նոր մասնաշէնք մը։ Երկինք խոյացած այս կրթօճախը, իսկապէս, հպարտութեան կոթող մըն է համայնքին տեսակէտէ, սակայն, նշանակութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Պատմական Գատըգիւղի դարաւոր Արամեան-Ունճեան վարժարանի առաքելութեան առջեւ փայլուն հորիզոններ կը բացուին այս նորակառոյց մասնաշէնքով։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի վարչական կամքով, լուրջ ներդրումով ու մեծ զոհողութիւններով կեանքի կոչուած է այս շինարարական ծրագիրը, որ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէքի եւ լծակից ընկերներու տեսլականին ու յամառ ջանքերուն ողջունելի պտուղն է։ Այս ծափահարելի արդիւնքը կ՚արժանանայ նաեւ համայնքային շրջանակներու բարձր գնահատանքին։ Նորակառոյց մասնաշէնքը մօտաւոր ապագային նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դնէ Արամեան-Ունճեան վարժարանի կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը թէ՛ մանկավարժութեան արդի չափանիշներու համապատասխանութեան եւ թէ ամրութեան տեսակէտէ։ Ապագային կը նախատեսուի պաշտօնական բացման հանդիսութիւն մը, որու թուականը տակաւին յայտնի չէ, որովհետեւ շինարարական աշխատանքները վերջնականապէս չեն աւարտած։

Բացի մուտքայարկէն, նորակառոյց համալիրը կ՚ընդգրկէ չորս յարկ ու գետնայարկ մը։ Շուրջ երեք տարուայ աշխատանքով մը կառուցուած է նոր շէնքը, որ ունի 12 դասարան։ Իւրաքանչիւր յարկի վրայ կայ երեք դասարան ու երկու լուացարան։ Տանիքի հատուածը ձեւաւորուած է՝ որպէս պատշգամ եւ այնտեղ կայ նաեւ փոքր փակ տարածք մը, որ բազմանպատակ սրահի մը կրնայ վերածուիլ։ Իսկ գետնայարկը ընդարձակ մարզադահլիճ մըն է, որ հաւանական երկրաշարժի մը պահուն անմիջապէս ապաստանարանի մը կրնայ վերածուիլ։ Այժմ կը նախատեսուի, որ այս նոր մասնաշէնքին մէջ միջնակարգի դասարանները սկսին գործել յառաջիկային։ Շինարարութեան ողջ տեւողութեան Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Կարօ Պալեան եւ Արման Չոպանօղլու անմիջական հսկողութեան տակ պահած են աշխատանքներուն ընթացքը։ Անոնք գրեթէ ամէն օր այցելութեան փութացած են եւ իրենց կողմէ ցուցաբերուած եռանդը ապահոված է, որ ամէն ինչ կատարելապաշտ մօտեցումով մը կատարուի։ Հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու համոզուած են, թէ Գատըգիւղը երախտագիտութեան մեծ պարտք մը ունի թաղային խորհուրդի այս երկու նուիրեալ անդամներուն նկատմամբ։

Նոր մասնաշէնքի կառուցման գործընթացի մեծամասնութիւնը զուգադիպած է քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին, ինչ որ պատճառ դարձած է նաեւ զուգահեռ քննադատութիւններու, թէ արդեօք կարիք կա՞ր այսպիսի գործի մը ձեռնարկելու։ Յամենայնդէպս, այս նախագիծի իրականացման շնորհիւ Արամեան-Ունճեան վարժարանը հարիւր տոկոսով համապատասխանեցած կ՚ըլլայ՝ պարտադիր նախնական կրթութեան 4+4 դրութեան։ Առաւելութիւններէն մին ալ այն է, որ գիտական չափանիշներով երկրաշարժի դէմ առաւելագոյն ամրութեամբ կրթօճախ մը կառուցուած է։ Սարվէն Սերթշիմշէք, Արման Չոպանօղլու եւ Թալին Պէրպէրօղլու նոր մասնաշէնքը մեզի ծանօթացնելու ժամանակ շեշտեցին նաեւ, որ ան ստորգետնեայ միջանցքով մը միացած է այժմու շէնքին։

Միջնակարգի դասարաններու նոր մասնաշէնք տեղափոխումը, ինքնաբերաբար, այժմու շէնքին մէջ ալ պիտի ստեղծէ նպաստաւոր կացութիւն մը՝ նախակրթարանի դասարաններուն տեսակէտէ։ Այժմու շէնքի ֆիզիքական հնարաւորութիւններն ալ արդէն միջինէ բաւական բարձր մակարդակ մը ունին, ինչ որ հիմա կրնայ ա՛լ աւելի զարգացուիլ եւ աստիճանաբար կատարելագործուիլ։

Գատըգիւղի այս փայլուն ձեռքբերումը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ պոլսահայ կրթական համակարգը աննկարագրելի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ անոր ապագային տեսակէտէ յոռետեսութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Ճիշդ է, որ Գատըգիւղը վերջին շրջանին եղած է մեր նիւթապէս վերելք ապրած թաղերէն մին, սակայն, երեւոյթը կարելի չէ միայն հնարաւորութիւններու պատուհանէն դիտարկել կամ այդպէսով սահմանափակուիլ։ Անհերքելի իրականութիւն մըն է, որ Իսթանպուլի Ասիական ափին վերջին տասնամեակներուն հետզհետէ աւելի բնակութիւն կը հաստատեն մեր համայնքի անդամները։ Արամեան-Ունճեան վարժարանը այդ ընտանիքներու դպրոցահասակ զաւակներուն համար լուրջ այլընտրանք մը եղած է եւ այս նոր մասնաշէնքի ընձեռած հնարաւորութիւններով այդ դիրքը կ՚ամրապնդուի։ Գատըգիւղի ընտանիքի կեանքի կոչած այս ծրագիրը կը ցոլացնէ այն վառ մտայնութիւնը, թէ մեր կրթական համակարգը կենսունակ պահելու համար պէտք չէ միջոց խնայել մեր վարժարաններու ցանցէն։ Միայն ներդրումներու շնորհիւ կարելի է մեր դպրոցներու ձգողականութեան մակարդակը բարձր պահել։ Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները՝ ի դէմս Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, խորաթափանց ընկալած են, որ հայ դպրոցը լոկ շէնք մը չէ, այլ՝ առաքելութիւն մը, որու արդիւնաւէտ իրականացման համար հարկաւոր են ներդրումներ, համակարգուած ու հեռատես աշխատանք եւ, անշուշտ, նոր ժամանակներուն քայլ յարմարցնելու հեւք։ Այս նոր երեւոյթը կու գայ վերահաստատել, որ մեր վարժարաններու ցանցի ընդհանուր ամլութիւնը յաղթահարելու տեսակէտէ գանգատիլը որեւէ նշանակութիւն չունի ու պէտք է յամառ աշխատանք տարուի՝ սերունդներու դիմագիծը հնարաւորինս երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք բաժին ունեցած են Գատըգիւղի այս հսկայական ձեռքբերումի ապահովման ճանապարհին։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021