ՈՉ ԵՒՍ Է ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Լոս Անճելըսի մէջ մահկանացուն կնքած է իրաւաբան Էտվին Մինասեան։ Նախկին պոլսահայ Մինասեան ամերիկահայ կեանքէն ներս ծաւալած էր բեղուն գործունէութիւն։ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութենէն ներս ալ զբաղեցուցած էր զանազան բարձրաստիճան պաշտօններ։ Իրաւաբանի մասնագիտութեամբ կը հետաքրքրուէր հայկական հարցով։ Պոլսոյ հետ ալ կը պահէր իր կապերը, կ՚աշխատակցէր «Ակօս» շաբաթաթերթին։

Էտվին Մինասեան շուրջ տարիէ մը ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ։ Ընդհանուր առմամբ, իր դարմանումը թէեւ դրական հունի մը մէջ կ՚ընթանար, սակայն, վերջին շրջանին անակնկալօրէն վերահսկողութենէ դուրս եկած էր առողջական վիճակը։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած մասնագիտական խնամքը բաւարար չեղաւ փրկելու համար կեանքը եւ ան երէկ առաւօտ մահկանացուն կնքեց՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2021