ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԼԱՆՋԱԽԱՉ ՄԸ ՆՈՒԻՐԵՑ Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԻՆ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջերս անմիջական ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպեց թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարուան առաջին կէսին հայր սուրբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ ուսումը կատարելագործելու համար։ Ան վերադարձաւ՝ արժանացած ըլլալով վարդապետական գաւազանի եւ ուղղակիօրէն ամրան առաքելութեան ձեռնարկեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ամրան շրջանի աւարտին հայր սուրբը այս անգամ արդէն մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան արդէն հասած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Ս. Ներսէս ընծայարանը, ուր յառաջիկայ ամիսներուն պիտի անցնի նոր վերապատրաստութենէ մը։

ԱՄՆ ուղեւորութեան ընդառաջ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հիւրասիրեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն նուիրեց լանջախաչ մը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ լանջախաչը։ Թաղականները ուրախութիւն յայտնեցին, որ երիտասարդ հոգեւորականը ինքնակատարելագործման ճանապարհին վերելք կ՚արձանագրէ եւ իր պատրաստութիւնը հետզհետէ կը յառաջացնէ։ Անոնք ուրախութիւն յայտնեցին, որ ան արժանացած էր վարդապետական գաւազանի եւ Նիւ Եորքի իր կեցութեան շրջանին համար ալ յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը՝ ընդգծելով, որ իր ծառայութեան մէջ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին ունի առանձնայատուկ տեղ մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022