«ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՐԱՆ»…
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ֆոթոիսթանպուլ 2015» ձեռնարկին շրջագծով երէկ երեկոյեան Բերայի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հասկնալ Արան» խորագրեալ հաւաքոյթ մը։ Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Հարկ է նշել, որ Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ «Ֆոթոիսթանպուլ 2015»ի շրջագծով լուսանկարչական մեծ շարժում մը ստեղծուած է վերջին շաբաթներուն։ Վիթխարի ցուցահանդէսին մէջ պատկառելի բաժին մը յատկացուած է Արա Կիւլէրի ստեղծագործութիւններուն։ Բազմաթիւ այլ լուսանկարիչներ եւս մասնակցութիւն կը բերեն այս ծրագրին, որու պատուոյ հիւրն է աշխարհահռչակ վարպետը։
Մինչ «Ֆոթոիսթանպուլ» պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 8-ը, երէկ երեկոյեան անոր ծիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթը ունէր եզակի նշանակութիւն։ Պատուոյ հիւր հռչակուած մեծանուն վարպետին ստեղծագործական ժառանգութիւնը վերարժեւորելու, անոր նկատմամբ հերթական անգամ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ի վերջոյ համակիրներուն հետ զինքը մէկտեղելու տեսանկիւնէն կարեւոր հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ Բերայի թանգարանին դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուած էր Արա Կիւլէրի համակիրներուն կողմէ. այն աստիճան, որ վերի սրահներէն մէկուն մէջ ալ հետաքրքիրներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ պաստառի միջոցաւ նոյնաժամանակ հետեւելու այս ձեռնարկին։
Երեկոյթը սկսաւ «Ֆոթոիսթանպուլ»ի համակարգող Աթիլլա Տուրաքի ողջոյնի խօսքով։ Արա Կիւլէրի լուսանկարչութեան մասին խօսեցան նոյն բնագաւառէն շարք մը յայտնի անուններ՝ Ճոշքուն Արալ, Սիմպէր Աթայ, Էօզճան Եուրտալան եւ Փոլ Մաքմիլըն, որոնք խորացան անոր ստեղծագործական աշխատանքի ծալքերուն մէջ։ Ատենախօսներու խորհրդածութիւններուն եւ վկայութիւններուն առընթեր հաւաքոյթի մասնակիցներն ալ առիթն ունեցան Արա Կիւլէրի գործերուն մասին իրենց տպաւորութիւնները յայտնելու։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ լուսանկարչական կալուածի թիւ մէկ ներկայացուցիչը Արա Կիւլէրն է անվիճելիօրէն, հաւաքոյթի տեւողութեան շեշտուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ եւ մանաւանդ Իսթանպուլի վերաբերեալ անոր տեսողական վկայութիւններուն անմիջական առընչութիւնը՝ մշակոյթի եւ գեղարուեստի զանազան ճիւղերուն հետ։ Արա Կիւլէր ինքզինք յաճախ կը բնորոշէ պատմագիր մը, որ իր լուսանկարչական գործիքով պատմութիւն կը գրէ։ Սակայն ան միեւնոյն ժամանակ կ՚առընչուի թէ՛ արուեստներուն եւ թէ գիտութեան ճիւղերուն հետ։
Արա Կիւլէր կը հաւատայ, թէ լուսանկարը կեանքի մէկ պահը բռնելով զայն ապագայ ժամանակներուն փոխանցելու կախարդանք մըն է։ Հետեւաբար, երէկուան երեկոյթին ընթացքին ալ ներկաները փորձեցին ներթափանցել այդ տեսողական կախարդանքի բաղադրիչներուն։
Բերայի թանգարանին մէջ ստեղծուած յուզումը բազմապատկուեցաւ շնորհիւ Արա Կիւլէրի ներկայութեան։ Ան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր համակիրներուն կողմէ, որոնց տեսանկիւնէն իր հետ ի մի գալը կը պարփակէր մասնաւոր պատգամ մը, իսկ Արա Կիւլէր այդ մթնոլորտին մէջ հերթական անգամ յաջողեցաւ բոլորին հետաքրքրութիւնը յագեցնել եւ իր խոհերէն բաժին դուրս բերելով գրաւել անոնց թէ՛ ուշադրութիւնը եւ թէ սիրտը։