ՎԱՐՊԵՏԻ ՀՈԳԵՃԱՇԸ

Թաքսիմի «Point» պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ նորոգ հանգուցեալ Արա Կիւլէրի հոգեճաշը։ Աւանդական այս ճաշկերոյթի տանտէրն էր յայտնի գործարար Տուրսուն Էօզպէք, որ սեփականատէրն է «Point» պանդոկներու ցանցին։ Արա Կիւլէր եւ Տուրսուն Էօզպէք վերջին շուրջ 15 տարիներու ընթացքին մշակած էին սերտ բարեկամութիւն մը։ «Point» պանդոկը բանալու ժամանակ Տուրսուն Էօզպէք եւ իր որդին՝ Կէօքհան Էօզպէք որոշած էին ամբողջ պատերը զարդարել Արա Կիւլէրի՝ պատմական Իսթանպուլի վերաբերեալ դրուագներով։ Այդ բարեկամութեան համար խթան հանդիսացած էր նաեւ ուրիշ հանգամանք մը. թէ՛ Արա Կիւլէր եւ թէ Տուրսուն Էօզպէք կը պատկանէին Շապինքարահիսարէ սերած ընտանիքներու։ Այդ բոլոր հանգամանքները ամուր բարեկամութեան մը հիմք հանդիսացած էին եւ մարդկային այդ խտացեալ զգացումներու հիման վրայ Տուրսուն Էօզպէք փափաքած էր երէկ երեկոյեան իր պանդոկի երդիքին տակ համախմբել Արա Կիւլէրի բարեկամները։

Ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած էին Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, յանուն Պատրիարքական Աթոռի Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեան եւ իր օգնականը՝ Անի Մինասեան, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, լուսանկարիչներ, ինչպէս նաեւ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան ժամանակ կամաւոր աշխատանքի կոչուած կարգադիր յանձնախումբի անդամները։ Պարզ է, որ բոլոր սեղանակիցներու հասարակաց յայտարարն էր Արա Կիւլէրի հետ բարեկամութիւնը, Արա Կիւլէրի նկատմամբ սէրը եւ անոր յիշատակին նկատմամբ յարգանքը։

Հոգեճաշի սեղանը օրհնեց Զեքիեան Գերապայծառ, որ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Արա Կիւլէրի վերջին շուրջ քսան տարիներու անմիջական օգնականը՝ Ֆաթիհ Ասլան, որ արդէն բոլորին կողմէ կ՚ընկալուի անոր բարոյական յաջորդը։ Ֆաթիհ Ասլան յուզումնախառն ոճով մը արտայայտուեցաւ մեծանուն եւ անմոռանալի վարպետի մասին։ Ան ըսաւ, որ Արա Կիւլէրի շնորհիւ սորված էին նայիլ դէպի լոյսը։ Տեղի ունեցան տուտուկի կատարումներ։ Հոգեճաշի զանազան մասնակիցներ հանդէս եկան սրտի խօսքերով, որոնց ընթացքին վերյիշեցին Արա Կիւլէրի վերաբերեալ զանազան անմոռանալի դրուագներ։ Այսպէս, արտայայտուողներու շարքին էին Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Հայրի Ինէօնիւ, յայտնի լուսանկարիչ Ճոշքուն Արալ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ այլք։

Հոգեճաշի տեւողութեան ցուցադրուեցան նաեւ Արա Կիւլէրի մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական երեք ժապաւէններէ յատկանշական բաժիններ։

Ընթրիքի աւարտին բոլոր ներկաները իրարու հրաժեշտ տուին՝ Արա Կիւլէրի յիշատակը վառ պահելու եւ անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ միշտ համախումբ մնալու, իր թողած վիթխարի ժառանգութիւնը լաւագոյնս արժեւորելու յանձնառութեամբ։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018