ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ՀԱՄԱԶՕՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Գալֆաեան տան հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն զուգահեռ պիտի կազմակերպուի տարեկան հանգանակութիւն։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճու, որ ստանձնած է տարեկան սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը։
Գալֆաեանի ընտանիքը իսկական զօրաշարժի մը տրամադրութեամբ կը պատրաստուի տարեկան հանգանակութեան՝ մանաւանդ, որ Իսթանպուլի Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւնները զօրակցութեան շարժում մը ստեղծած են դպրոցին ի նպաստ։ Այդ շարժման կը մասնակցի նաեւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ դպրոցի տարեկան պիւտճէն 22 միլիոն լիրա է, իսկ իրենց հասոյթը՝ 6 միլիոն լիրա։ Ուստի, պիւտճէի բացը 16 միլիոն լիրա կը կազմէ։
Գալֆաեանը այս տարի ունի 57 աշակերտ, որու տասը գիշերօթիկ։ Պաշտօնէութիւնն ալ 28 հոգիէ կը բաղկանայ։
Ստեղծուած բարդ մթնոլորտին մէջ գալֆաեանցիները յաջողած են շատ դրական միջավայր մը ստեղծել, դպրոցի կարիքներու դիմագրաւման գործը աւելի լայն խաւերու ուշադրութեան եւ զգայնութեան առարկայ դարձնել։ Ատենապետ Ալֆրէտ Սունա զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթակին վրայ եւ համայնքի յարաբերաբեր ունեւոր հաստատութիւններուն կողմէ անցեալ տարի իրենց տրուած խոստումները շատ ուշ յարգուած են, ամիսներու սպասումէ վերջ փոխանցումները կատարուած են, ինչ որ պատճառ դարձած է Գալֆաեանի մաշելուն։ Հիւրերուն խօսքով՝ քաղաքի Ասիական ափին միայն երեք համայնքային վարժարան գոյութիւն ունի, իսկ անոնց շարքին միայն Գալֆաեանն է, որ կարիքներու մէջ է։ Անոնք գանգատեցան նաեւ համայնքէն ներս հաստատուած նուիրահաւաքման նոր համակարգէն, որովհետեւ գործնականօրէն Գալֆաեանը սկսած է այդ միջոցներէն զրկուիլ։
Խնամակալութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ այս տարի փորձած են այլընտրանքներ ստեղծել նաեւ համայնքի այն անդամներուն համար, որոնց հնարաւորութիւնները կը ներեն աւելի համեստ նուիրատուութիւններ ընել։
Զրոյցի ողջ տեւողութեան հիւրերը ERVAB-ի հասցէին տողատակային բնոյթով քննադատական ակնարկութիւններ ունեցան, սակայն, չնախընտրեցին աւելի բացայայտ եւ ուղղակի արտայայտել իրենց անհանգստութեան պատճառները։
Պատասխանելով մեր հարցման խնամակալութեան տնօրինած կալուածներուն, մանաւանդ՝ «Capitol»ի յայտնի տարածքին շուրջ՝ հիւրերը յարմար չդատեցին յստակ պատասխաններ տալ։ Նախորդ շրջաններու խնամակալութիւններու գործունէութեան շուրջ դժգոհութիւններ օրակարգի վրայ բերին, սակայն, հիմնաւորեալ պատճառ մը չունէին, թէ այդ բոլորին շուրջ ցարդ ինչու տեղեկութիւն չեն ներկայացուցած համայնքին։ Հիւրերը բաւարարուեցան միայն ընդգծելով, որ կալուածական հարցերու շուրջ, մանաւանդ՝ «Capitol»ի պարագային իրենց շփումները կը շարունակուին եւ առանց շօշափելի զարգացման յարմար չեն դատեր հրապարակումներ ընել այս մասին։ Անոնք մատնանշեցին, որ այս ուղղութեամբ կ՚ակնկալեն նաեւ պատկան մարմիններու դրական վերաբերմունքը եւ հասկացողութիւնը՝ այն առումով, որ կարգադրութիւնները պիտի վերաբերին կրթական հաստատութեան մը։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024