ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցան թաղի դպրաց դասու հիմնադրութեան 124-րդ, Զուարթնոց երգչախումբի կազմաւորման 79-րդ եւ Հարիւր Մանկանց երգչախումբի ստեղծման 59-րդ երրեակ տարեդարձները։ Պատմական թաղէն ներս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին այս աւանդական արարողութիւնները, որոնց նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ծանօթ է, որ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբը այսօր իր կենսունակութեամբ կենդանի կը պահէ Կէտիկփաշայի անցեալի փայլուն օրերուն յիշատակը եւ իր գործունէութիւնով կը տեւականացնէ հարուստ նախընթացները։
Ս. Յովհաննէս եկեղեցին երէկ լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ դպրապետ Լեւոն Սրկ. Էօզփեմպէ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան հանգուցեալ հիմնադիրները, դպրապետները, վարիչները, երաժշտապետները եւ բոլոր դպիրները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս նախագահեց Հայր Սուրբը, իր կողքին ունենալով Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանը։ Ներկայ էին Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ իր ընկերները, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերէ ներկայացուցիչներ, երէց թաղեցիներ, համակիրներ եւ հիւրեր։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Մարիամ Տրամէրեանի։ Արտայայտուեցան՝ Յարութիւն Շանլը, դպրապետ Լեւոն Էօզփեմպէ, տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու եւ ատենադպիր Կարօ Ակօշեան։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգեցին՝ Պեսսէ Քապաք, Գէորգ Չաղլըչուպուքճու եւ Մարալ Չաղլըչուպուքճու՝ իր որդւոյն հետ։
Տարեդարձի հանդիսութիւնները եզրափակուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի խօսքով եւ աղօթքով։