ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Գալ­ֆաեան տան հիմ­նադ­րու­թեան 149-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ երէկ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ե­զա­կի ա­ռա­քե­լու­թեամբ կրթօ­ճախ մըն է Գալ­ֆաեա­նը, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Պատ­մա­կան այս հանգրուա­նի շե­մին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ող­ջու­նե­ցին Գալ­ֆաեան տան յա­րա­տեւ ա­ռա­քե­լութիւ­նը՝ հա­մակ­րան­քի ու զօ­րակ­ցու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով։ Ար­դա­րեւ, այս հաս­տա­տու­թիւ­նը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գո­յա­տե­ւէ շնոր­հիւ մեր հա­մայն­քի նե­ցու­կին։ Ե­րէկ, ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րուեցաւ Գում­գա­բուի մէջ, ուր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ժա­մադ­րուած էին Գալ­ֆաեան տան հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձին եւ ա­նոր ի նպաստ սար­քուած տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հան­դի­սա­պե­տութեամբ, Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։ Ներ­կայ էին Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քեր­վան­ճեան եւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Գող­թան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յով­սէփ Գու­յում­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Կար­պիս Գը­լը­ճեա­նի։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան Գալ­ֆաեան ուխտի լու­սա­հո­գի ան­դա­մու­հի­նե­րը եւ վար­ժա­րա­նի սա­տա­րող­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րուն եւս նա­խա­գահեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Շիշ­լիի քա­ղաքա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Գալ­ֆաեան տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք հա­մախմ­բուած էին տիկ­նանց կազմին կող­մէ սարքուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Առ­լէթ Ին­ճի­տու­զէ­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Յա­նուն խնա­մա­կա­լութեան ար­տա­յայ­տուե­ցան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ Յա­րու­թիւն Շէ­շէ­թեան, ո­­րոնք բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին դպրո­ցի ընդ­հա­նուր կա­ցու­թեան եւ պիւտ­ճէին շուրջ։ Իր խօս­քին մէջ Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած կա­րե­ւոր ծրագ­րի մը, որ պի­տի հա­սուն­նայ յա­ռա­ջի­կա­յին։ Այս­պէս, Շիշլիի մէջ գո­յու­թիւն ու­նի հա­մայն­քա­պատ­կան շէնք մը, ո­րու սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը կը հան­դի­սա­նան Գալ­ֆաեան տան եւ Գա­րա­կէօ­զեան տան խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Ներ­կա­յիս Գալ­ֆաեան տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը շփման մէջ ան­ցած է Գա­րա­կէօզեան տան խնա­մա­կա­լու­թեան հետ, որ­պէս­զի հա­սա­րա­կաց ծրա­գիր մը մշա­կուի եւ այդ հին շէն­քին փո­խա­րէն կա­ռու­ցուի նոր հա­մա­լիր մը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այդ հա­մա­լի­րին մէկ մա­սը որ­պէս հան­րա­կա­ցա­րան տրա­մադ­րուի՝ մեր հա­մայն­քի ի­գա­կան սե­ռէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար։ Մնա­ցեալ բա­ժինն ալ յար­կա­բա­ժին­նե­րու ձե­ւա­չա­փով պի­տի տրուի վար­ձու՝ հա­սոյթ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Յայ­տագ­րի գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ զա­նա­զան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով եւ խմբերգ­նե­րով հան­դէս ե­կան Գալ­ֆաեանի սա­նե­րը, ո­րոնց ե­լոյթ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։ Խմբերգ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­րուած էր ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չուհի Էր­լին Թո­մաօղ­լուի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Գալ­ֆաեա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ ե­րէկ յայ­տա­րա­րուած պիւտ­ճէի բա­ցը դժբախ­տա­բար կա­րե­լի չե­ղաւ ամ­բող­ջու­թեամբ հա­ւա­սա­րակշ­ռել։ Յա­մե­նայն­դէպս, տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին ո­րոշ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն մը ունի խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը, մին­չեւ որ յա­րա­կից աշ­խա­տան­քով կա­րե­լի ըլ­լայ յա­ւե­լեալ մի­ջոց­ներ ճա­ռել՝ տա­րե­կան պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար։

Հա­ւա­քոյ­թը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015