ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՊՏՈՅՏԸ
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց մեր հանգստեան կոչուած կրթական մշակներուն համար նախատեսուած տարեկան պտոյտ ճաշկերոյթը։ Այս հաւաքը մեր իրականութենէն ներս ստեղծուած լաւ աւանդութիւն մըն է թէ՛ կրթական մշակները մեծարելու եւ թէ անոնց փորձառութենէն միշտ օգտուելու տեսանկիւնէն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ աւանդական պտոյտ-ճաշկերոյթին մասնակցեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ ներկայացուցիչներ։
Երէկ առաւօտեան ժամերուն Ուսուցչաց միութեան կողմէ ապահովուած փոխադրամիջոցներով մեր կրթական մշակները քաղաքիս զանազան թաղամասերէն ուղղուեցան դէպի Եըլտըզի ճեմապարտէզը։ Մալթայի ապարանքի յարակից ապակեպատ սրահին մէջ անոնք համախմբուեցան իրենց համար պատրաստուած սեղաններուն շուրջ։ Օրուան տեւողութեան մեր կրթական մշակները իրարու հետ ունեցան հաճելի ժամանց, թէ՛ վայելեցին բնութեան գեղեցկութիւնը եւ թէ ըմբոշխնեցին զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
Այս առթիւ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Թագուհի Հալաճեան, որ բարեմաղթանքներ յղեց բոլորին։ Թագուհի Հալաճեան ըսաւ, որ Ուսուցչաց օրը մեր վարժարաններէն ներս կը նշուի գործող կրթական մշակներու մասնակցութեամբ։ Հետեւաբար, Ուսուցչաց միութիւնն ալ տարեկան այս ծրագրով կը ջանայ համախմբել մեր այն կրթական մշակները, որոնք կոչուած են հանգստեան։ Ան աւելցուց, որ Թարգմանչաց տօնն ալ, իրականութեան մէջ, իր իմաստով ու խորհուրդով մեր կրթական մշակներուն համար մասնաւոր օրուան մը համազօր կը նկատուի։
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Թագուհի Հալաճեան (ատենապետուհի), Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Մատլէն Թորաման, Շնորհիկ Զօրվարեան, Իւղաբեր Պոյաճեան, Նուրհան Էնկին եւ Սեդրակ Էօզսան։