ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Գալֆաեան Տան աշակերտուհիներէն Սարին Մայա Աքեիւզ վերջերս մասնակցեցաւ միջվարժարանային ճատրակի մրցոյթի մը, որու արդիւնքով նուաճեց երրորդ դիրքը։ Մինչեւ ութ տարեկաններու դասաւորման մէջ իր արձանագրած յաջողութիւնով ան իրաւունք շահեցաւ մասնակցելու Իսթանպուլի ճատրակի առաջնութեան։

Բաց աստի, դպրոցի աշակերտուհիներէն Մարալ Եշիլթեփէ «Լիոնս» միութեան կողմէ կազմակերպուած նկարչական մրցոյթի մը մասնակցութիւն բերաւ։ «Խաղաղութիւն» խորագրեալ մրցոյթը տեղի ունեցաւ Աքատլարի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Մարալ Եշիլթեփէ նուաճեց երրորդ հորիզոնականը եւ արժանացաւ պարգեւի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017