ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ «500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ» ԾՐԱԳԻՐԸ

Երէկ առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Առլին Քենտիրլին եւ ժրաջան անդամուհիներէն Սելին Չավուշօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին միութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ այս տարի եւս Ամանորի «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի՝ արդէն 14-րդ անգամ։ Գալֆաեան Տան, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի, Պէզճեան Մայր վարժարանի, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներուն ուղղուած պիտի ըլլայ՝ ամանորեան նուէրներու յանձնման այս աւանդական ծրագիրը։

Առլին Քենտիրլի եւ Սելին Չավուշօղլու բացատրեցին, որ այս տարի արտասովոր մթնոլորտի մը մէջ կեանքի պիտի կոչեն այս նախաձեռնութիւնը։ Արդարեւ, Մխիթարեան սանուց միութիւնը ներկայիս չունի հաւաքատեղի մը։ «500 ծիծղուն աչք»ի մասնակից դպրոցներու աշակերտները ցայսօր կ՚այցելէին միութեան հաւաքատեղին, ուր տօնածառին վրայ կը կախէին Կաղանդ պապուկին հասցէագրուած նամակներ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, աշակերտներու փափաքները տեղեկանալու եւ համակարգելու պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնեն Նաթալի Յովհաննէսեան (0536 243 55 56) եւ Սելին Չավուշօղլու (0532 738 54 24)։ Այս վերջինները կապ պիտի պահեն թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ այս ծրագրի աջակիցներուն հետ՝ որպէսզի ապահովեն փոքրիկներու ամանորեան փափաքներու իրականացումը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք մխիթարեանցիներու ծրագրին համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017