ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՒԱՔ

Եշիլգիւղի վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հաւաք մը։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ կազմակերպուած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ միասնականութեան կարգախօսով։ Կազմակերպիչները փորձած էին համախմբել մեր համայնքէն զանազան մօտեցումներով կամ տեսակէտներով մարդիկ եւ այսպէսով ստեղծել դրական մթնոլորտ մը։ Կարեւոր թիւով երիտասարդներ համախմբուեցան Եշիլգիւղի մէջ, ուր ներկայ էին նաեւ պատգամաւորի թեկնածուներ։ Պարտէզի մէկ անկիւնը վառուեցան կրակարաններ եւ հաւաքի մասնակիցները համտեսեցին խորովածները, հաճելի ժամանց ունեցան անմիջական զրոյցով։ Կարծիքներ փոխանակուեցան յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019