ՊԱՏՄԱԿԱՆ «ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ»

2015-ի վեր­ջին օ­րե­րուն ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը հեր­թա­կան ան­գամ ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դնէ իր նա­հա­տակ աշ­խա­տա­կից­նե­րէն մէ­կուն աշ­խա­տան­քը։ Ծա­նօթ է, որ թերթս այս տա­րի կը վե­րար­ժե­ւո­րէ իր նա­հա­տակ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ Ե­ղեռ­նի ժա­մա­նակ զո­հուած մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը այդ շրջա­նին աշ­խա­տակ­ցած էին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին։ 1915-էն դար մը անց ա­նոնք այ­սօր կ՚ո­գե­կո­չուին՝ ըլ­լա­լով սրբա­դա­սուած, ինչ որ տար­բեր ե­րանգ մը կը վե­րագ­րէ ա­նոնց ժա­ռան­գու­թեան։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հան­գա­ման­քը ինք­նին գոր­ծօն մըն է ա­նոնց ա­ւան­դը տար­բեր հար­թու­թեան մը վրայ ըն­կա­լե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Մնաց որ, ի­րենց ար­տադ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լի ու ա­պա­գա­յի խաչ­մե­րու­կին։ Որ­պէս նոյն հանգ­րուա­նի ա­կա­նա­տես ու վկայ՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թերթն ալ Ե­ղեռ­նէն դար մը անց իր ան­ցեա­լի պա­շա­րէն բա­ժին դուրս կը բե­րէ թէ՛ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու պղտո­րու­թիւն­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս յաղ­թա­հա­րե­լու եւ թէ ա­պա­գա­յի ճա­նա­պար­հին վրայ լոյս սփռե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի դա­րա­դար­ձի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին հաս­տա­տուած մա­տե­նա­շա­րէն հրա­տա­րա­կուած է թեր­թիս եր­բեմ­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի գոր­ծե­րու ժո­ղո­վա­ծոն, որ գիր­քի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ կ՚ամ­փո­փէ հե­ղի­նա­կին կող­մէ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած ա­նան­տե­սե­լի ար­տադ­րան­քը, որ յատ­կան­շա­կան է ան­տա­րա­կոյս։ «Յօ­դուած­ներ» ա­նու­նը կը կրէ թեր­թիս խմբա­գիր ու բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ տպուած հա­տո­րը։ «Յօ­դուած­ներ»ը թէեւ ու­նին պատ­մա­կան բնոյթ, սա­կայն ա­նոնց պատ­մա­կա՛ն ար­ժէ­քը կը բիւ­րե­ղա­նայ Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի գրած­նե­րուն մէջ նկա­տուած հե­ռա­տե­սու­թեամբ, դի­պուկ բաղ­դա­տու­թիւն­նե­րով, իր ժա­մա­նա­կին լիար­ժէք ըն­կալ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով ու մա­նա­ւանդ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով՝ այն հար­ցում­նե­րուն շուրջ, ո­րոնց պա­տաս­խա­նը այ­սօր եւս կը մնայ յա­րա­բե­րա­կան։

Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կին առ­թիւ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի նա­հա­տակ աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Ռու­բէն Զար­դա­րեա­նի յօ­դուած­նե­րու ժո­ղո­վա­ծոն հրա­տա­րա­կուե­ցաւ՝ որ­պէս եր­րորդ հա­տո­րը թեր­թիս «100-ա­մեա­կ­»ի մա­տե­նա­շա­րին, Քա­սի­մի ու Ե­րու­խա­նի հա­տոր­նե­րէն ետք։ Կու­սակ­ցա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, ման­կա­վարժ ու ար­ձա­կա­գիր Ռու­բէն Զար­դա­րեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րուն, Հոկ­տեմ­բեր 1908-էն մին­չեւ Մարտ 1909-ը, կարճ շրջան մը, իր ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դուած­նե­րով աշ­խա­տակ­ցած է թեր­թիս՝ դառ­նա­լով ա­նոր ա­ւե­լի քան 100-ա­մեայ եր­թին պա­տուա­կան ա­նուն­նե­րէն մէ­կը։

Զար­դա­րեա­նի յօ­դուած­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն լոյս տե­սաւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր, բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի, որ պատ­րաս­տած է նաեւ հա­տո­րին ծա­նօ­թագ­րա­կան հա­րուստ բա­ժինն ու յա­տուկ ա­նուն­նե­րու ցան­կը։ Յա­ռա­ջա­բա­նը գրի ա­ռած է պատ­մա­բան Վա­հէ Թաշ­ճեան, Պեր­լի­նէն։ Կող­քը պատ­րաս­տած է տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Ա­րէտ Կը­ճըր։

Ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան կո­թող­նե­րէն մէ­կը, գրա­գէտ, հրա­պա­րա­կա­գիր, դաս­տիա­րակ, հան­րա­յին եւ դաշ­նակ­ցա­կան ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ Ռու­բէն Զար­դա­րեան ծնած է 1874-ին, Սե­ւե­րե­կի մէջ։ Հա­զիւ եր­կու տա­րե­կան՝ ըն­տա­նեօք կը փո­խադ­րուի Խար­բերդ, ուր ալ կ՚անց­նի իր ման­կու­թեան ու պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րը եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը։

Զար­դա­րեան իր կրթու­թիւ­նը կը ստա­նայ Խար­բեր­դի ազ­գա­յին դպրո­ցին մէջ, ա­պա ա­մե­րի­կեան հաս­տա­տու­թե­նէ ներս եւ ի վեր­ջոյ Թլկա­տին­ցիի վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր ալ կը ձե­ւա­ւո­րուի ա­նոր մտա­ւոր-բա­րո­յա­կան նկա­րա­գի­րը։ Թլկա­տին­ցիի ազ­դե­ցու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին պի­տի ար­տա­յայ­տուէր նաեւ իր գրա­կա­նու­թեան մէջ։

Դպրո­ցա­կան շրջա­նին ար­դէն պա­տա­նի Զար­դա­րեա­նի մէջ կը նկա­տուի հա­կում ու սէր գրա­կա­նու­թեան եւ գի­տու­թեան նկատ­մամբ։ Ինք­նամ­փոփ, իր խո­հե­րով տա­րուած անձ մըն էր ան, գիծ մը, որ ան­բա­ժան մնաց իր բնա­ւո­րու­թե­նէն ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին։ Զար­դա­րեան իր ամ­բողջ ուժն ու ժա­մա­նա­կը կը յատ­կաց­նէր ինք­նա­զար­գաց­ման։ Եւ երբ 1892-ին, լրա­ցուց իր ուս­ման ըն­թաց­քը եւ մտաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ, շու­տով աչ­քի ին­կաւ իբ­րեւ հմուտ ու սի­րուած դաս­տիա­րակ եւ բա­նի­մաց ու լուրջ հան­րա­յին գոր­ծիչ։

1897-1903 թուա­կան­նե­րուն Զար­դա­րեան վա­րեց Մեզ­րէի Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան պաշ­տօ­նը՝ ի­րեն գոր­ծա­կից  ու­նե­նա­լով կա­րող ու նուի­րուած ու­սու­ցիչ­նե­րու խումբ մը։ Կը դա­սա­ւան­դէր հա­յե­րէն ու ֆրան­սե­րէն, պատ­մու­թիւն եւ գրա­կա­նու­թիւն։ Այս 5-6 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին իր ձեռ­քի տա­կէն ե­լան մտա­ւոր լայն պա­շա­րով օժ­տեալ գա­ղա­փա­րա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք իբ­րեւ ու­սու­ցիչ, գրա­գէտ կամ հան­րա­յին գոր­ծիչ ար­դիւ­նա­ւոր դեր կա­տա­րե­ցին ո՛չ միայն Խար­բեր­դի ու շրջա­կայ­քին մէջ, այ­լեւ ընդ­հա­նուր ազ­գա­յին կեան­քէ ներս։

Սա­կայն միայն կրթա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խա­տան­քով չէր սահ­մա­նա­փա­կուեր Զար­դա­րեա­նի աշ­խա­տան­քը։ Ան ե­ռան­դով կը մաս­նակ­ցէր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծե­րուն եւ ա­ւե­լի մեծ ե­ռան­դով՝ յե­ղա­փո­խա­կան աշ­խա­տան­քին։ Ան­դամ էր Հ․ Յ․ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հետզ­հե­տէ պի­տի դառ­նար կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դան­շա­կան ա­նուն­նե­րէն մէ­կը։ Իր շուն­չով կը կազ­մա­կեր­պուէին եւ յե­ղա­փո­խա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն կը ստա­նա­յին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, քա­ղա­քին թէ գիւ­ղե­րուն մէջ։ Կը կա­տա­րէր վա­րիչ դեր մը շրջա­նի կու­սակ­ցա­կան կեան­քին մէջ, յա­րա­բե­րու­թիւն կը պա­հէր դուր­սի մար­մին­նե­րուն հետ եւ կը թղթակ­ցէր «Դրօ­շա­կ­»ին։

Զար­դա­րեան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ անջն­ջե­լի հետք մը թո­ղեց Խար­բեր­դի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան վրայ։ Այդ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, բնա­կա­նա­բար, չէր կրնար վրի­պիլ կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թե­նէն, մա­նա­ւանդ որ նա­խան­ձող­ներ ու հա­կա­ռա­կորդ­ներ ալ ու­նէր հա­յե­րու մէջ։ Պա­տա­հա­կան ա­ռի­թէ մը օգ­տուե­լով, 1903-ին, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը ձեր­բա­կա­լէ Զար­դա­րեա­նը՝ Թլկա­տին­ցիի ու քա­նի մը ու­րիշ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ։ Տա­րի մը բան­տին մէջ մնա­լէ ետք, 1904-ին, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը եւ Զար­դա­րեան ա­զատ կ՚ար­ձա­կուի, բայց այ­լեւս չի կա­րե­նար պաշ­տօ­նա­վա­րել Խար­բեր­դի մէջ։

Նոյն տա­րին, 1904-ին, Իզ­մի­րի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թեան հրա­ւէ­րով՝ Զար­դա­րեան ըն­տա­նի­քով կը տե­ղա­փո­խուի Իզ­միր, բայց ար­գել­քի հան­դի­պե­լով, կը ստանձ­նէ մեր­ձա­կայ Մա­նի­սա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ուր սա­կայն հա­զիւ տա­րի մը կրնայ մնալ։ Վրայ կը հաս­նին 1905-ի դէպ­քե­րը․ սուլ­թան Հա­մի­տի մա­հա­փոր­ձի պատ­րաս­տու­թեան զու­գըն­թաց Իզ­մի­րի մէջ եւս կը կա­տա­րուին յե­ղա­փո­խա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց լու­րը կը հաս­նի բռնա­պե­տա­կան վար­չա­կար­գի ա­կան­ջը։ Տե­ղի կ՚ու­նե­նան խու­զար­կու­թիւն­ներ եւ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ։ Կը խու­զար­կուի նաեւ Զար­դա­րեա­նի բնա­կա­րա­նը եւ ան կը բան­տար­կուի եր­կու շա­բաթ։ Ալ Մա­նի­սա­յի մէջ մնալն ալ ան­կա­րե­լի էր։ Ըն­կեր­նե­րուն պնդու­մով եւ ա­ջակ­ցու­թեամբ, Զար­դա­րեան իր ըն­տա­նի­քին հետ, իբ­րեւ փախս­տա­կան, կը մեկ­նի Պուլ­կա­րիա եւ կը հաս­տա­տուի Ֆի­լի­պէ քա­ղա­քը։

Այս­տեղ Զար­դա­րեա­նի առ­ջեւ կը բա­ցուի գոր­ծու­նէու­թեան նոր աս­պա­րէզ մը։ 1906-ին կը ձեռ­նար­կէ «Ռազ­մի­կ» ե­ռօ­րեայ թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան, որ կը դառ­նայ Հ․ Յ․ Դաշ­նակ­ցու­թեան Պալ­քան­նե­րու շրջա­նի ազ­դե­ցիկ պաշ­տօ­նա­թեր­թը։ Խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քէն զատ, ա­զատ ժա­մա­նա­կը Զար­դա­րեան կը յատ­կաց­նէ գրա­կա­նու­թեան ու Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծե­րուն։ Որ­պէս Պալ­քան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ան կը մաս­նակ­ցի Հ․ Յ․ Դաշ­նակ­ցու­թեան Վիեն­նա­յի մէջ կա­յա­ցած Դ. ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին։

Օս­մա­նեան սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն յե­տոյ Զար­դա­րեան կու գայ Պո­լիս, ուր կը սկսի իր կեան­քի ու գոր­ծու­նէու­թեան եր­րորդ շրջա­նը, որ կ՚ըլ­լայ այն­քան նշա­նա­կա­լից։ Կ՚աշ­խա­տակ­ցի ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին ու ա­րեւմ­տա­հայ մամ­լոյ այլ օր­կան­նե­րուն։ 1909-ին, Հ․ Յ․ Դաշ­նակ­ցու­թեան բիւ­րօն կը հիմ­նէ «Ա­զա­տա­մար­տ­»ը, ո­րու մնա­յուն խմբագ­րա­պե­տը կը դառ­նայ Ռու­բէն Զար­դա­րեան՝ շրջա­պա­տուած օգ­նա­կան­նե­րու եւ աշ­խա­տա­կից­նե­րու փայ­լուն հոյ­լով մը։ Որ­պէս խմբա­գիր եւ հրա­պա­րա­կա­գիր՝ Զար­դա­րեան ցոյց կու տայ ար­տա­սո­վոր հմտու­թիւն եւ աշ­խա­տու­նա­կու­թիւն։ «Ա­զա­տա­մար­տ» իր ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քոյ կը դառ­նայ ա­րեւմ­տա­հայ մամ­լոյ տա­րեգ­րու­թեան մէջ ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ մը։

Խմբագ­րա­կան զբա­ղում­նե­րէն դուրս, Զար­դա­րեան ժա­մա­նակ կը յատ­կաց­նէր նաեւ գրա­կա­նու­թեան, հան­րա­յին ու կու­սակ­ցա­կան աշ­խա­տան­քի։ Կը թղթակ­ցէր Պոս­տո­նի «Հայ­րե­նի­ք­»ին, տա­րի­ներ շա­րու­նակ ու­ղար­կե­լով շա­բա­թա­կան տե­սու­թիւն­ներ՝ «Աչք Ե­հո­վա­յի» ծած­կա­նու­նով։ Կը դա­սա­խօ­սէր Հայ­րի­կեա­նի Ար­դի կրթա­րա­նին ու Ղա­լա­թիոյ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ան­դամ էր Ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին։ Գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր գրա­կան ա­սու­լիս­նե­րուն, ազ­գա­յին, գրա­կան, կու­սակ­ցա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն։

1914-ի ամ­րան Զար­դա­րեան ալ կը մաս­նակ­ցի Հ․ Յ․ Դաշ­նակ­ցու­թեան Կար­նոյ Ը․ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին՝ լի յոյ­սե­րով ու ո­գե­ւո­րու­թեամբ։ Բայց ժո­ղո­վը դեռ չէր վեր­ջա­ցած, երբ կը սկսի հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը եւ Զար­դա­րեան ընկ­ճուած կը շտա­պէ վե­րա­դառ­նալ Պո­լիս։ Կը սկսին մռայլ օ­րե­րը։ Զար­դա­րեան մին­չեւ վերջ կը մնայ «Ա­զա­տա­մար­տ­»ի գլխին՝ ան­յող­դողդ պաշտ­պա­նե­լով հա­յու­թեան դա­տը։ Ապ­րիլ 24-ին ան ալ կ՚աք­սո­րուի հա­րիւ­րա­ւոր ու­րիշ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ նախ Ա­յաշ, ա­պա՝ Քո­նիա, վեր­ջը՝ Հա­լէպ։ Եւ Հա­լեէ­պէն ետք ոչ մէկ լուր իր­մէ․․․ Գե­րեզ­ման իսկ չու­նե­ցաւ, ինչ­պէս իր բախ­տա­կից ըն­կեր­նե­րը։

Զար­դա­րեան իր պա­տուա­ւոր տե­ղը ու­նի հայ մա­մու­լի եւ հան­րա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան կեան­քի պատ­մու­թեան մէջ, բայց ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի մեծ է իբ­րեւ գրա­գէտ։ Գրա­կան հե­տաքրք­րու­թիւ­նը իր մէջ զար­գա­ցաւ դեռ ա­շա­կեր­տա­կան նստա­րան­նե­րուն վրայ, Թլկա­տին­ցիի ազ­դե­ցու­թեան տակ։ 1890-ին լոյս տե­սաւ իր ա­ռա­ջին գրու­թիւ­նը՝ Պոլ­սոյ «Ծա­ղի­կ­»ին մէջ։ 1891-1892-ին կ՚աշ­խա­տակ­ցէր Գրի­գոր Զօհ­րա­պի եւ Հրանդ Ա­սա­տու­րի «Մա­սի­ս­»ին, 1895-ին՝ Ար­շակ Չօ­պա­նեա­նի «Ծա­ղի­կ­»ին։ Ա­պա՝ «Ա­րե­ւե­լեան մա­մու­լ­»ին, «Ա­րե­ւել­ք­»ին, «Շի­րա­կ­»ին, Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցի «Բան­բեր գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի» հան­դէ­սին ե­ւայլն, ինչ­պէս նաեւ «Դրօ­շա­կ­»ին։ «Ռազ­մի­կ» եւ «Շի­րա­կ­»ի մէջ կը ստո­րագ­րէր՝ Էժ­տա­հար։ Զար­դա­րեան հրա­տա­րա­կած է նաեւ դա­սագր­քեր՝ «Մեղ­րա­գե­տ»­նե­րու շար­քը եւ թարգ­մա­նու­թիւն­ներ օ­տար գրա­կա­նու­թիւն­նե­րէ։ Գրած է նաեւ Գէորգ Չա­ւու­շի կեն­սագ­րու­թիւ­նը՝ Աս­լան ծած­կա­նու­նով, «Դրօ­շա­կ­»ի մա­տե­նա­շա­րին հա­մար։

Սկզբնա­կան շրջա­նին Զար­դա­րեան կը գրէր ա­ռա­ւե­լա­պէս գա­ւա­ռա­կան պատ­կեր­ներ, ժո­ղովր­դա­կան հէ­քիաթ­ներ, ա­ռօ­րեայ կեան­քէն զա­նա­զան նիւ­թե­րու մա­սին յօ­դուած­ներ։ Հետզ­հե­տէ իր գրա­կան հո­րի­զո­նը կ՚ընդ­լայ­նի, փի­լի­սո­փա­յա­կան, բա­րո­յա­կան եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան հար­ցեր կը յափշ­տա­կեն իր միտ­քը եւ կը գրէ ան­մահ մնա­լու սահ­մա­նուած գրա­կան գո­հար­ներ, ինչ­պէս՝ «Պա­հակ­նե­րը ար­թուն ե­ն», «Եօ­թը եր­գիչ­նե­ր», «Ով որ սուլ­թան մը ու­նի իր հո­գիին մէ­ջ» ե­ւայլն։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015