ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ
Գումգաբուի մէջ արդէն ստեղծուած է Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն բնորոշ աւանդական մթնոլորտ։ Պատրիարքարանի տօնածառը վերջին օրերուն յարդարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Տիկնանց յանձնախումբի եւ անձնակազմի անդամներուն կողմէ յարդարուեցաւ տօնածառը։ Տօնածառի պատրաստութենէն վերջ, աշխատանքներուն ներգրաւուած դէմքերը հիւրընկալուեցան տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Այս առթիւ սարքուեցաւ թէյասեղան մը։ Նորին սրբազնութիւնը գնահատեց կատարուած այս աշխատանքը, ինչ որ Պատրիարքարանի մթնոլորտը կը փոխէ՝ տօնական օրերուն յարիր ձեւով։ Թէյասեղանի մասնակիցներուն նուիրուեցան Պատրիարքական Աթոռի 2018 թուականի օրացոյցները։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առթիւ մաղթանքներ եւ օրհնութիւններ յղեց բոլոր ներկաներուն եւ աղօթեց՝ որպէսզի բոլորի բնակարաններու յարկէն ներս անպակաս ըլլայ Աստուծոյ օրհնութիւնը։
Ներկաները նորին սրբազնութենէն հրաժեշտ առին՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ եւ լաւագոյն զգացումներ։
Թրքահայ կեանք
- 05/09/2025