ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ։ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան առթիւ։ Թաղի վարժարանը հերթական անգամ առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ, ուր օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Արապեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որու կողքին էր պատարագիչ տէր հայրը։ Ներկաներու շարքին էին Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն զանազան պաշտօնատարներ։ Սիրոյ սեղանին մասնակցեցան նաեւ յայտնի բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուեցան տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ։ Սրահն ալ յարդարուած էր Ամանորի տօնական շրջանին բնորոշ ձեւով։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Անի Ներսէսեանի։ Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ թաղի ընդհանուր կացութեան։ Հապիպ Էօզֆուրունճու մասնաւորապէս անդրադարձաւ Եշիլգիւղի եկեղեցապատկան կալուածներու պարագային արձանագրուած զարգացումներուն։ Իր խօսքով՝ մօտաւոր ապագային շատ հաւանական է, որ այս կապակցութեամբ համայնքին դրական նոր լուրեր հասնին Եշիլգիւղէն։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Եշիլգիւղի վարժարանի սաները, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Արտասանեցին՝ Նորվան Փէյնիրճի, Արմէն Պարլաք, նաեւ 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի սաները։ Տղաքը խմբերգներով հանդէս եկան՝ ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Սեսիլ Գահվէճիօղլուի։ Աշակերտները նաեւ պարեր ներկայացուցին՝ պարուսոյց Թամար Եաշկիւչլիւքալի մականին ներքեւ։

Խանդավառ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, որ բարեմաղթութիւններ յղեց Նոր տարուան առթիւ։ Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ թէ՛ Հապիպ Էօզֆուրունճուի եւ թէ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ քաղաքապետարանին հետ ծաւալւած արդիւնաւէտ աշխատանքին մասին։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

Արձակուելէ առաջ ներկաները շնորհաւորեցին Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 193-րդ տարեդարձը, յաջողութիւն մաղթեցին ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին, նաեւ իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձուցին վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զամանը, որու մականին ներքեւ վերելք կ՚արձանագրէ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2019