ՍԷՎ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՈՒԼԻՍ

ՍԷՎ հիմնարկի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը, որ մաս կը կազմէր «Երիտասարդներու հետ ձեռք ձեռքի» ծրագրին։ Այս ծրագրին համար մասնաւոր յանձնախումբ մը կը գործէ ՍԷՎ-էն ներս եւ այս ասուլիսը այդ մէկուն կողմէ կազմակերպուած երկրորդ ձեռնարկն է։

Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։ Ելոյթի հրաւիրուած էին Փրոֆ. Թամէր Աքէր եւ իր գործակիցներէն Տիլշէն Էօզտէն եւ Էճէ Էօնտէր։ Ունկնդիրներու շարքին էին մեր վարժարաններէն ուղեցոյց կամ դասարանի ուսուցիչներ։ Մասնագէտները խօսեցան զայրոյթի հակակշռման եւ առողջ հաղորդակցութեան նիւթին շուրջ։

Հաւաքոյթի աւարտին Թամէր Աքէրին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ իրաւաբան Շաքէ Եալչընի։ Դալար Փոլատ եւ Մասիս Գույումճու ծաղկեփունջեր յանձնեցին միւս ատենախօսներուն։ Փակման խօսքը արտասանեց Անի Փեքքիւչիւքեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019