ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Ֆաթիհի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էրկիւն Թուրանը եւ իր գործակիցները։ Նոյն առթիւ Գումգաբու փութացին Ֆաթիհ գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները։ Ընդունելութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց Էրկիւն Թուրանը եւ իր ընկերակիցները։ Ընդհանուր փոխանորդը անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ գործունէութեան։

Հանդիպման ընթացքին խօսք առին նաեւ համայնքային վարիչներ։ Այս ամբողջին մէջ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ալ փոխանցեց տեղեկութիւններ եւ մատնանշեց զանազան հարցեր։

Շուրջ 40 վայրկեան տեւեց ջերմ զրոյցը, որ իր աւարտին հասաւ նկարահանումով։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019