ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու սաներուն համար առանձին փուլերով նախատեսուած էր այս խրախճանքը, որու առթիւ արտակարգօրէն ոգեւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ դպրոցէն ներս։ Երաժշտական կատարումները բարձր տրամադրութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022