ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ՎԻՃԱԿ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամային կացութիւնը կը մնայ առկայ՝ ամբողջ պղտորութիւնով եւ ծնունդ տուած հարցականներով հանդերձ։ Տեղապահի ընտրութենէն շաբաթ մը անց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն հարցականները ոչ թէ կը պակսին, այլ ընդհակառակն՝ կ՚աւելնան մտահոգիչ ձեւով։ Եկեղեցական համագումարը ընտրած է տեղապահ մը, որ չէ կրցած կատարել իր երդումը՝ քանի որ գրեթէ նոյնաժամանակ Պատրիարքարան հասած է կուսակալութենէն ուղարկուած ծանօթ պաշտօնագիրը։ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան առկայ բարդ իրավիճակին մէջ կը բացակայի Իսթանպուլէն, իր վերադարձի պարագային յստակ թուական մը յայտարարուած չէ, սակայն լսումներ կան, թէ կրնայ վերադառնալ շուտով։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ մնալ նոյն դիրքին վրայ, սակայն այս պարագային ալ կան անորոշութիւններ եւ ապագայի վերաբերեալ հարցականներ։ Ընտրեալ-տեղապահին կողմէ Քէօլնէն փոխանորդութեան պաշտօնի կոչուած է Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որուն կողմէ առնուած քայլերն ալ վերջին օրերուն լուծման յոյս մը չեն ստեղծած առկայ փակուղիի յաղթահարման տեսանկիւնէն։
Համայնքային կեանքը դարձած է կաթուածահար։ Աշխարհական վարիչներն ալ, բնականաբար, շուարումի մէջ են։ Բոլորը կը հետեւին իրադարձութիւններու ընթացքին ու կը ջանան ենթադրութիւն մը ընել դէպքերու շարունակութեան տեսակէտէ։ Առայժմ դժուար թէ կարելի ըլլայ ազդանշան մը ունենալ այս ուղղութեամբ։ Պատրիարքարանի կողմէ ժամադրութեան համար դիմում ներկայացուած է Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ այդ դիմումի արդիւնքն ալ տակաւին յայտնի չէ։ Հետեւաբար, ներկայ շաբաթն ալ կ՚եզրափակուի առանց որեւէ շօշափելի արդիւնքի կամ յոյսի նշոյլի՝ առկայ ճգնաժամի յաղթահարման տեսակէտէ։
Կուսակալութեան մօտ կատարուած ժամադրութեան դիմումին մասին երէկ շօշափեցինք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարծիքը։ Ան տեղեկացուց, թէ կուսակալութենէն տակաւին որեւէ պատասխան չէ հասած Պատրիարքարան։ Իր խօսքերով, յուսալից սպասումը կը շարունակուի։ Ան համոզուած է, որ առկայ գործընթացին մէջ պաշտօնական մարմիններու հետ առողջ միջավայրի մը մէջ շփուելու հնարաւորութիւնը պիտի ստեղծուի։ «Մենք հակադիր կողմեր չենք։ Պատրիարքարանը Թուրքիոյ կառոյցներէն մին է եւ առարկայ՝ մեր պետութեան վստահութեան», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Նորին Սրբազնութեան կարծիքը շօշափեցինք նաեւ այն մասին, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկած նամակով խնդրած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օգնութիւնը եւ զինքը հրաւիրած՝ միջամտութեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս հարցը մեկնաբանեց ընդհանրապէս վերջին շաբաթներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առանցքին շուրջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ։ «Մենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արդիւնաւէտ ժողովներ իրականացուցինք։ Իսթանպուլի մէջ իր աղմկարար հրաժարականէն վերջ, մեր հոգեւոր եղբայրը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան փափաքեցաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը միջամտէ այս հարցին։ Մեր յարաբերութիւնները խափանուած էին։ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգայինք՝ մեր միջեւ ներդաշնակութեան եւ համաձայնութեան վերահաստատման համար։ Վեհափառ Հայրապետը, առաւելագոյն նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերելով մեր պատրիարքութեան ինքնավարութեան նկատմամբ՝ մեզ հրաւիրեց աղօթքի։ Բարոյական վերականգնումի մը կարիքը կը զգայինք՝ մեր եղբայրութիւնը վերահաստատելու համար։ Այս նպատակով աղօթեցինք եւ որոնումներու ձեռնարկեցինք։ Այդ բոլորը հովանաւորած ըլլալուն համար խորապէս երախտապարտ ենք Վեհափառ Հայրապետին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր օրհնութեամբ մեր հասած համաձայնութիւնը ծանօթ է բոլորին։ Բայց եւ այնպէս, Վեհափառ Հայրապետէն հրաժեշտ առնելէ անմիջապէս վերջ, մեր սրբազան եղբայրները հեռացան այդ համաձայնութեան ոգիէն ու տարրէն։ Այս բոլորը ցաւով դիտարկեցինք, սակայն որեւէ հակազդեցութիւն ցոյց չտուինք՝ որպէսզի մեր տեղական խնդիրներուն շուրջ վէճերու առարկայ չդարձնենք Վեհափառ Հայրապետը», ըսաւ ան։
Սոյն մօտեցման լոյսին տակ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան համանման վերաբերմունք ունի նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկուած վերջին նամակին առընչութեամբ։ Ան ըսաւ. «Պատրիարքական Աթոռը մեզմէ ոեւէ մէկուն անձնական ապրանքը կամ ժառանգը չէ։ Հետեւաբար, խնդիրներու քննարկումը զերծ պէտք է պահենք այս մակերեսայնութենէն։ Որպէս ընդհանուր փոխանորդ՝ կը պաշտօնավարեմ 2010 թուականին ձեւաւորուած նուրբ հաւասարակշռութիւններու հիման վրայ։ Սա բազում չափումներով հաւասարակշռութիւն մըն է։ Անցումային շրջանի մէջ ձեւաւորուած են այդ հաւասարակշռութիւնները եւ մինչեւ անոնց նուազագոյն պայմաններով վերաձեւաւորումը, ըստ երեւոյթին, գործնականօրէն դժուար թէ փոխուի առկայ կացութիւնը։ Այստեղ իմ կողմէս որեւէ յամառութիւն կամ դիմադրութիւն գոյութիւն չունի։ Երբ որ պայմանները հասուննան, գործընթացը ինքնաբերաբար թափ պիտի ստանայ։ Բոլորին ծանօթ է, որ ընտրեալ-տեղապահը չէ կրցած կատարել իր ուխտը։ Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ է բոլոր մանրամասնութիւններուն ու գիտենք, թէ կ՚աղօթէ մեր դժուարութիւններու յաղթահարման համար։ Երբ գործընթացին մէջ ընդհանուր յստակութիւն մը ըլլայ, ապա Գումգաբուի մեր Պատրիարքարանը պաշտօնապէս անհրաժեշտ ձեւով պիտի իրազեկէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Անձնական միջոցներով փոխանցուած անպաշտօն տեղեկութիւններէն եւ մամլոյ հրապարակումներէն անդին, առանց շօշափելի արդիւնք մը ունենալու՝ որեւէ իմաստ չի ներկայացներ պաշտօնական իրազեկում կատարել։ Մեր Պատրիարքութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ աշխատանքային խոր նախընթացներ ունի եւ այդ նախընթացները նման նիւթերու շուրջ որեւէ տատամսումի տեղ չեն թողուր»։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աւելցուց նաեւ, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկուած նամակը Պատրիարքարանի արխիւին մէջ գոյութիւն չունի, չէ համարակալուած, իբր այդ պաշտօնական բնոյթ չի կրեր։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեկնաբանեց նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին կողմէ իրեն գրուած վերջին նամակը։ Իր խօսքերով, ընտրեալ-տեղապահը փորձառու հոգեւորական մըն է։ «Իսթանպուլի մեր Պատրիարքարանին վերաբերեալ Քէօլնէն ամբոխավար քայլեր առնելը որեւէ նպաստ չի բերեր առկայ փակուղիի յաղթահարման։ Ան լիուլի կրնայ գնահատել այս հանգամանքը։ Համոզուած եմ, որ մեր խնդիրները պիտի լուծենք ոչ թէ իրարու նկատմամբ ուժ ցոյց տալով, իշխանութիւն ապացուցելով, այլ զոհողութեան ոգիով», նշեց ան։