ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի ի յի­շա­տակ կազ­մա­կեր­պուած նար­տի մրցա­շար­քին ա­ւար­տա­կա­նը։ Այս տա­րի 23-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քը ըն­թաց­քի մէջ էր շուրջ մէ­կու­կէս ա­մի­սէ ի վեր։ Ա­ւար­տա­կան փու­լին խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հա­սած էր գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Ար­դիւն­քին ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճեց Ե­դուարդ Մա­նու­կեան, ո­րու յա­ջոր­դե­ցին Կա­րէն Չե­թին­քա­յա, Է­րօլ Եա­քար եւ Գա­րե­գին Պար­սա­մեան։

Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ, որ շնոր­հա­ւո­րեց դափ­նե­կիր­նե­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մրցա­շար­քի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն։

Պար­գե­ւատր­ման փու­լին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի որ­դին՝ Պատ­րիկ Կիւն­թէր։ Ան այս առ­թիւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, ո­րոնք վառ կը պա­հեն իր լու­սա­հո­գի հօր յի­շա­տա­կը։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին դափ­նե­կիր­նե­րը։ Բո­լո­րի մաղ­թանքն էր, որ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն ալ տե­ւա­կա­նաց­նէ այս ա­ւան­դա­կան ծրա­գի­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017