ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան փայ­լուն ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ար­թուն Սրկ. Թե­քի­րօղ­լու եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Լու­սա­ւո­րիչ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սերժ Մսը­րի։

Հան­դի­սա­դիր Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ան իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ ստեղ­ծուած առ­կայ տագ­նա­պին ու տե­ղե­կա­ցուց, որ այս օ­րե­րուն վերս­տին պի­տի մեկ­նի Գեր­մա­նիա։ 
Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի­րենց ա­ւար­տին հա­սան հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով։ 
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­խար­հիկ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։

   

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017