ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան յոբելենական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Սա այս հաստատութեան թէ՛ փայլուն անցեալին եւ թէ վերանորոգ առաքելութեան համատեղ տօնախմբութիւնն էր։ Համայնքային շրջանակներն ալ իսկապէս տօնական տրամադրութեամբ մասնակցեցան այս երեկոյթին, որու ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին խնամակալութեան՝ վարժարանի յարատեւութեան ուղղեալ ջանքերուն համար։
Երէկուան հաւաքոյթը ունէր երկու փուլերէ բաղկացեալ ծրագիր մը։ Առաջին փուլին՝ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տարազներու ցուցադրութիւն-տողանցք մը, որու աւարտին ծրագիրը շարունակուեցաւ «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուած ընթրիքով։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ կարգադիր յանձնախումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Գալֆաեանի 150-ամեակին առթիւ պատրաստուած պարքովիզիոնի ցուցադրութեան։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տիանա Գամբարոսեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։
Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Պարթեւ Կարեան, Էրլին Թոմաօղլու եւ Մարալ Ադաման որակեալ ծրագրով մը խանդավառեցին մթնոլորտը։ Այս երեք արուեստագէտները ստացան յուշանուէրներ։
Յայտնի հնագէտ Րաֆֆի Փորթագալ եւ իր դուստրը՝ Մայա Պիթարկիլն ալ վարեցին այս յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած աճուրդը։ Անոնց ալ յանձնուեցան յուշանուէրներ։
Ի լրումն այս բոլորին, հանդիսաւորապէս հատուեցաւ 150-ամեակի կարկանդակը։
Ծրագիրը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ մինչեւ ուշ երեկոյ եւ ներկաները գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին՝ կրկնելով իրենց բարեմաղթանքն ու զօրակցութիւնը Գալֆաեանին համար։
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025