Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԵՐԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ՀԻՒՐԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Աթոռին տրուած շնորհաւորական այցելութիւնները։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ փութացած էր մեր համայնքին Ս. Զատիկը շնորհաւորելու։ Օրուան տեւողութեան Պատրիարքարան այցելեցին քաղաքիս հայաբնակ շրջաններէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, փոքրամասնութիւններու կամ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներ եւ այլք։ Այս ամբողջին մէջ Պատրիարքարան այցելածներու շարքին էին Հրէից խախամապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին եւ այլք։ Բոլոր հիւրերը Ս. Զատկի տօնին առթիւ ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեցին Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ու փոխադարձեց անկեղծ մաղթանքներով՝ նախեւառաջ ընդգծելով իր աղօթքը աշխարհի ու մեր երկրի խաղաղութեան համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019