ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻ ԾՐԱԳԻՐ

Հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րէն Ժա­նին Փա­փա­զեանն ու Ա­նի Չի­մէ­նը։ Այս վեր­ջին­նե­րը Մել­թէմ Ե­նի­կիւ­նի ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ կը վե­րահս­կեն գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի մը գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ «Իւչ­կէն» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի հե­տե­ւորդ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին գեղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան պի­տի ներ­կա­յա­ցուին մաս­նա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սով մը։

Ժա­նին Փա­փա­զեան եւ Ա­նի Չի­մէն մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ աշ­խա­տա­նո­ցի ծի­րէն ներս կ՚ար­ձա­նագ­րուին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ ի­րենց նպա­տակն է այդ ար­դիւն­քը բաժ­նել գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017